ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. կաթողիկոս Շաբաթ օր Վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Իրանի իսլամական հանրապետութեան Կրօններու ու մշակոյթներու հետ երկխօսութեան բաժանմունքի պատասխանատուները: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Սպահանի թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան:
Քննարկումի նիւթ դարձան ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ներկայ հանգրուանը, եւ մասնաւորաբար Իրանի հանրապետութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աստուածաբանական երկխօսութեան յառաջիկայ համագումարը: Յայտնենք, որ վերջին համագումարը տեղի ունեցած էր Թեհրանի մէջ 2008ին, իսկ յաջորդը պիտի կայանայ Անթիլիասի մէջ Մայիս 2010ին:
Վեհափառը կարեւորութեամբ ընդգծեց քրիստոնեայ-իսլամ փոխադարձ յարգանքի, համակեցութեան ու գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան ըսաւ. «Չի բաւեր միայն իրարու հետ խօսիլ, չի բաւեր միայն աստուածաբանական հարցերու շուրջ հասկացողութեան եզրեր փնտռել. էականը համատեղ գոյակցութիւնն է եւ այդ գոյակցութենէն յառաջացող գործակցութիւնը: Տարբերութիւնները պէտք է յարգել ու միատեղ աշխատիլ, որպէսզի երկու կրօններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակաց արժէքները դնեն հիմքը համերաշխ գոյակցութեան»: