ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանը, օրակարգի մտցնելով «թրքութիւնը վիրաւորելու» մեղադրանքով Հրանդ Տինքի դէմ 2006ին տրուած թրքական ատեանի մը վճիռին դէմ դիմումն ու 2007ի Յունուար 19ին թուրք ազգայնամոլներու կողմէ սպաննուելէ ետք Տինքի մերձաւորներու կողմէ լրացուցիչ բողոքներ, սկսած է քննել հարցը:
Թրքական «Աքշամ» թերթին համաձայն, ատեանը այս կապակցութեամբ հարցումներ յղած է Թուրքիոյ կառավարութեան՝ «Հրանդ Տինքի կեանքը պահպանելու պարտականութիւնը կատարել-չկատարելու, հայկական ծագում ունենալու համար անոր նկատմամբ խտրականութիւն իրագործուել-չիրագործուելու եւ Տինքի դատավարութիւնը Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու համաձայնագրին համապատասխան կատարելու-չկատարելու» կապակցութեամբ:
Տինքի փաստաբանները 2007ի Յունուար 11ին Սթրազպուրկ հաստատուած ատեանին ուղղուած դիմումին մէջ յայտնած էին, որ Տինքը «թրքութիւնը վիրաւորելու» հիմնաւորումով դատապարտելու վճիռը կը հակասէ Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու համաձայնագրին մէջ ամրագրուած խօսքի ազատութեան, արդարացի դատաքննութեան եւ պատիժներու օրինականութեան հետ կապուած յօդուածներուն. անոնք աւելցուցած էին, թէ Տինքի նկատմամբ խտրական մօտեցում ցուցաբերուած էր, որովհետեւ ան հայ էր:
Տինքի կնոջ, երեխաներուն եւ եղբօր կողմէ 2008ին եւ 2009ին ատեանին ներկայացուած դիմումներուն մէջ, Անգարա կը մեղադրուի նաեւ ազգայնամոլներու թիրախ դարձած Տինքի ապահովութիւնը երաշխաւորելու պարտականութեան անտեսման յանցանքով, հակառակ այն իրողութեան, որ անոր դէմ մահափորձի մը կազմակերպման մասին տեղեկութիւններ կային:
Տինքի մերձաւորները նաեւ յայտարարած են, որ յանցագործութիւնը չկանխած՝ պետական պաշտօնեաներուն նկատմամբ հետաքննութիւնը կասեցուած է, հետաքննութիւնը վարող ատեաններն անկախ չեն ղեկավար մարմիններէն եւ թէ Պոլսոյ մէջ կարգ մը ոստիկաններ ոճրագործը իբրեւ հերոս ներկայացնելով՝ Թուրքիոյ դրօշակով լուսանկարուած էին անոր հետ, ինչ որ նոյնպէս կը հակասէ Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու համաձայնագրի խտրականութեան հետ կապուած յօդուածին: