ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Today.Az» լրատու գործակալութիւնը Երեքշաբթի, Յունիս 16ին կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլխան Փոլուխով, մեկնաբանելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուի այն խօսքը, թէ՝ «Անգարա կը զօրակցի Լեռնային Ղարաբաղի հարցը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քննելուն», ըսաւ. «Ինչ կը վերաբերի ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ղարաբաղի հարցի քննարկման, ապա Ատրպէյճան միշտ ողջունած է տագնապը միջազգային համայնքի ծիրէն ներս եւ մանաւանդ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քննարկելու գաղափարը»։
Ան նաեւ յայտնեց. «Մենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցով թրքական կողմին հետ կանոնաւոր կապեր կը պահենք»։
ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին ոչ մնայուն անդամ դարձած Թուրքիա, Յունիս 1ին ստանձնեց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնը, որուն տեւողութիւնը մէկ ամիս է։
Յուլիս 1ին Թուրքիա Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը պիտի փոխանցէ Ուկանտայի։