ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը Երեքշաբթի, Յունիս 16ին հաղորդեց, թէ Անգարայի իշխանութիւնները որոշած են արտօնութիւն տալ Թուրքիոյ հայ համայնքին, որ «աթոռակից պատրիարք» մը ընտրէ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի կողքին, տրուած ըլլալով, որ Մեսրոպ պատրիարք առողջական հարցերու բերումով, այլեւս ի վիճակի չէ այս պաշտօնը կատարելու։
Այս լուրին արձագանգած են քանի մը լրատու գործակալութիւններ եւս։
Թերթը կը գրէ, որ Հայոց պատրիարքարանը, որ այս կերպով ընտրութեան արտօնութիւն ստացած կ՛ըլլայ, յառաջիկայ ամիսներուն դիմում պիտի կատարէ ընտրութիւնը իրականացնելու համար, միաժամանակ ընդգծելով, որ պատրիարքական պաշտօնի գործադրութիւնը կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Թուրքիոյ հայ համայնքին համար։
Այդ դիմումէն ետք, կառավարութիւնը փոփոխութեան պիտի ենթարկէ պատրիարքական ընտրութեան այն օրէնքը, որ գործադրուած էր 1998ի ընտրութեան ընթացքին եւ որ հիմնուած էր Նախարարաց խորհուրդի 1961 թուակիր կանոնագրութեան վրայ։ Այս փոփոխութենէն վերջ կարելի պիտի ըլլայ ընտել «աթոռակից պատրիարք» մը։ Այս կերպով, ընտրուած անձին պիտի արտօնուի պատրիարքական տարազ կրել, սակայն Մեսրոպ սրբազան առաջնահերթութեան իր դիրքը պիտի պահէ։