ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի նկարիչներու միութեան մէջ բացուած է արցախցի նկարիչներու ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէս, որուն կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը, Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը եւ այլ անձինք:
«Ցուցահանդէսը պէտք է դիտենք ոչ միայն որպէս մշակութային երեւոյթ, այլեւ մեր ազգի մի մաս, որը երկար ժամանակ կտրուած է եղել հայրենիքից, հոգու խօսքից, վրձնի հարուածից, իղձերից: Մենք Արցախի նկարիչների միութեան հետ մի ընդհանուր միութիւն ենք: Մենք միասին ենք եւ այս միասնութիւնը շեշտւում է այս ցուցահանդէսով», ցուցահանդէսի բացման ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեանը: Ան նաեւ ընդգծած է, որ այս ցուցահանդէսով ցոյց կը տրուի Արցախի հայութեան հետ Հայաստանի հայերուն համերաշխութիւնը:
Արցախի նկարիչներու միութեան նախագահ Լենորդ Զաքարեան նշած է, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած է աւելի քան 35 նկարիչներու 115 աշխատանք: Նկարները բազմաբնոյթ են՝ բնանկար, դիմանկար, վերացական նիւթեր, բայց գրեթէ բոլորն ալ կը պատմէին արցախցի մարդուն մասին, եւ յատկապէս՝ նուիրուած էին պատերազմին:
Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան ցուցահանդէսը անուանած է համաքաղաքային տօնախմբութիւն եւ նշած, որ անիկա դարձած է աւանդական: «Իւրաքանչիւր տարի սպասում ենք, թէ ե՛րբ է այս ցուցահանդէսը կազմակերպուելու», նշած է նախարարը: