ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ կը գործեն 55 ոչ պետական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ, որոնց միայն չորսը մագիստրոսական կոչումներ կու տայ: Ըստ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Վերլուծութեան եւ տեղեկատուութեան բաժնի պետ Վարուժան Խաչատրեանի, նախորդ տարուան համեմատ, Հայաստանի մէջ գործող ոչ պետական համալսարաններուն թիւը ուազաած է 3ով:
Նախարարութեան իրականացուցած ստուգումներուն իբրեւ արդիւնք պարզուած է, թէ շարք մը ոչ պետական համալսարաններ չեն ապահովեր արտօնագիրի պայմանները: Այդ համալսարաններու դասախօսական կազմին 50 տոկոսը պէտք է կազմեն հիմնական աշխատողներ, եւ 50 տոկոսը պարտադիր պէտք է ունենայ գիտական աստիճան:
Համալսարանը պէտք է ապահովուած ըլլայ շէնքային բնական պայմաններով, ուսումնական ծրագիրներով, գրադարաններով, տեղեկատուական գիտարուեստով, տարրալուծարաններով եւ այլն: Համալսարանին մէջ ուսանողներուն քիչ թիւը պէտք չէ հիմք ծառայէ զայն արտօնագիրէ զրկելու համար:
Հայաստանի մէջ կը գործեն նաեւ արտերկրի 4 պետական եւ 3 ոչ պետական համալսարաններու մասնաճիւղեր: