ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս 2008ին կատարուած մեծ փոփոխութիւններուն իբրեւ արդիւնք, կարելի դարձած է ապահովել 10-12 միլիոն դրամի տարեկան եկամուտ: ԼՂՀ կառավարութեան հետ կապի արտադրական ենթակառուցուածքներու վարչութեան պետ Վալերի Բալայեան նշած է, թէ գիտարուեստական նոր միջոցներու կիրառումը հնարաւորութիւն տուած է, որ 50-60 տոկոսի շուկայական կորուստները հասցնել մինչեւ 1-2 տոկոսի:
Վ. Բալայեանի խօսքով, եկամուտներու աճ գրանցուած է նաեւ փոխադրութեան բնագաւառէն ներս, իսկ քարիւղի մատակարարման եւ կապի ոլորտին պարագային, կարելի դարձած է ընդլայնել աշխարհագրութիւնը. առ այդ, «Արցախփոստ»ը այժմ մասնաճիւղեր ունի վերաբնակեցուող շրջաններու մէջ, իսկ երկնագոյն վառելիքը հասած է Մարտակերտ ու Յադրութ:
Ներկայիս աշխատանքներ կը կատարուին նաեւ թուային հեռահաղորդակցութեան ոլորտին առնչութեամբ: Ըստ Վ. Բալայեանի, կը նախատեսուի 2012ին մուքտ գործել թուային հեռահաղորդակցութեան համակարգ: