ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեան Յունիս 16ին ընդունած է Հարաւային Կովկասի մէջ թմրամիջոցներու հակազդութեան ծրագիրի տարածաշրջանային համակարգող Կրեկորի Կոննորի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ըստ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութեան, Կրեկորի Կոննոր նշած է, թէ ծրագիրի նպատակը տարածաշրջանի երեք երկիրներու՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի միջեւ համագործակցութիւն ձեւաւորելն է:
Ընդգծելով թմրամիջոցներուն դէմ պայքարի կարեւորութիւնը՝ Ա. Բաղդասարեան նշած է, որ Հայաստանը կողմ է թմրամիջոցներու դէմ պայքարի գծով՝ տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ձեւաւորման: Ան տեղեկացուցած է, թէ համաձայն »Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործողութիւններու ծրագրի« կատարումը ապահովող 2009-2011 թուականներու միջոցառումներուն, ստեղծուած է աշխատանքային խումբ մը, որ պիտի մշակէ թմրամիջոցներուն դէմ պայքարի ազգային ծրագիր: Կողմերը պայմանաւորուած են համագործակցելու նաեւ ազգային ծրագրի մշակման ուղղութեամբ: