ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ամերիկեան «Նիւ Եորք Լայֆ» ապահովագրութեան դէմ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ վերապրողներուն կողմէ դատ բացած իրաւաբաններէն մէկը հանդիսացող Մարք Կիրակոսի գրասենեակը նոր արշաւ մը սկսած է՝ պաշտպանելու համար Օսմանեան կայսրութեան օրերուն նոյն ընկերութեան ապահովագրութիւն գնած յոյներուն իրաւունքները, նկատի ունենալով, թէ 1915-1921 թուականներուն հարիւր հազարաւոր յոյներ եւս սպաննուած էին թրքական իշխանութեանց ձեռամբ: