ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Շաբաթ, Յունիս 13ին այցելեց Պաապտա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյմանի կողմէ։ Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սեպուհ Յովնանեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։
Հանդիպումին ընթացքին քննուեցան երկիրը յուզող ընդհանուր հարցերն ու իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջորդող հանգրուանը։
Այլ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Մխիթարեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ Յակոբ Բագրատունի, հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի հետ։ Հանդիպումէն ետք Բագրատունի յայտնեց, որ քննուած են Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք տիրող ընդհանուր մթնոլորտը։
«Հանդիպումին ընթացքին մենք հաստատեցինք, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացած են ժողովրդավարական մթնոլորտի մէջ եւ Լիբանանին վերադարձուցած են անոր ժողովրդավարական դիմագիծը։ Ինչպէս միշտ, ընտրութիւններուն պարագային արձանագրուած են բացթողումներ, որոնք պէտք է պատկան մարմիններուն կողմէ քննարկուին եւ համապատասխան լուծումներու արժանանան։ Պըրրիի հետ մենք քննարկեցինք նաեւ ընտրութիւններու հանգրուանին յաջորդող գործընթացները, որոնցմէ է խորհրդարանի նախագահին ընտրութիւնը. այս մէկը անշուշտ հարցումի չի կարօտիր, որովհետեւ մենք կը զօրակցինք Նէպիհ Պըրրիի վերընտրութեան։ Իսկ ինչ կը վերաբերի վարչապետի նշանակումին, նախորդ կառավարութեան կազմութեան ընթացքին, երբ բոլորը Ֆուատ Սինիորայի անունը առաջադրած էին՝ վարչապետի պաշտօնին համար, Հայկական երեսփոխանական պլոքը Սաատ Հարիրիի անունը առաջարկած էր։ Իսկ այսօր նկատի ունենալով, որ Սաատ Հարիրի խորհրդարանական մեծամասնութեան ղեկավարն է եւ վերընտրուած է իբրեւ երեսփոխան, մենք որեւէ հարց չունինք, որ ան ըլլայ երկրին վարչապետը», յայտնեց Բագրատունի։
Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան գործընթացին՝ ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանին վերադարձնել իր կայունութիւնը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքներուն հիման վրայ Դաշնակցութիւնը պիտի զրկուի՞ երկխօսութեան նիստին մասնակցելէ, Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը 2000էն ի վեր ներկայացուած է երկու երեսփոխանով եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ ազգային երկխօսութեան նիստին, հիմնուելով այն իրականութեան վրայ, որ լիբանանահայութեան անունով Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչն է, որ ստորագրած է Տոհայի համաձայնագիրը: Ան աւելցուց, թէ «Ոչ մէկ արգելք կայ, որ ուրիշներ եւս ներկայացուին այդ նիստերուն ընթացքին»։