ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Քըրք Քըրքորեանի «Էմ.Ճի. Էմ. Կրէնտ»ի տնօրէն Ալեքս Եմէնճեան կը գտնուի Լաս Վեկասի «Թրոփիքանա» պանդոկին ղեկը ստանձնելու սեմին:
Արդարեւ, նահանգային բախտախաղի հարցերով զբաղող յանձնաժողովի մէկ ենթայանձնախումբը արդէն իսկ վաւերացուցած է անոր նշանակումը, իսկ Յունիս 18ին կ՛ակնկալուի, որ անոր նշանակումը վաւերացուի յանձնաժողովին կողմէ:
Նիւթական լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւող պանդոկը շահաբեր ընկերութեան մը վերածելու այս աշխատանքը նոր մարտահրաւէր մը պիտի ըլլայ Եմէնճեանի համար, որ Քըրքորեանի տարիներու բարեկամ մըն է, ու անցեալին եղած է նաեւ շարժապատկերի «Մէթրօ Կոլտըն Մայըր» ընկերութեանց նախկին տնօրէն. ան նաեւ կարեւոր դեր ունեցած է «Էմ.Ճի.Էմ. Կրէնտ»ը կայունացնելու աշխատանքին մէջ: