ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ գրասենեակը ատրպեճանական «Էյ.Փի.Այ.» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Ուրբաթ, Յունիս 12ին հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու օգնական Ֆիլիփ Կորտընի հետ։
Կորտըն նշած է, թէ ասիկա Ատրպէյճան իր առաջին այցելութիւնն է։ Ան գոհունակութիւն յայտնած է երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութեանց մակարդակին համար եւ նշած, թէ տարբեր մարզերու մէջ լայն կարելիութիւններ գոյութիւն ունին։ Կորտըն յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կ՛ուզեն շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատել, եւ ընդգծած է, թէ Ուաշինկթըն պատրաստ է նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մէջ յառաջդիմութեան արձանագրման։
Ֆիլիփ Կորտըն ըսած է, թէ նախքան Ատրպէյճան այցելելը, ան Հայաստան եւ Վրաստան այցելած է, եւ այդ այցելութեանց ընթացքին իր ունեցած հանդիպումներուն մասին զեկուցած է Մամետեարովին։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գործակցութիւնը կը բարելաւուի եւ վստահութիւն յայտնած է, թէ նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմի իշխանութեան ընթացքին յարաբերութիւնները կ՛ընդարձակուին։
Ան յայտնած է, թէ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան տագնապի լուծումն է՝ հիմնուելով միջազգային արժէչափերու եւ սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պարունակին վրայ։ Ան ըսաւ, որ տագնապին լուծումը վերոնշեալ սկզբունքներուն վրայ հիմնելը կարեւոր դերակատարութիւն ունի շրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման գործին մէջ։
Կողմերը երկու երկիրներուն միջեւ ուժանիւթի մարզին մէջ գործակցութեան շուրջ տեսակէտներ փոխանակած են եւ իրենց գոհունակութիւնը յայտնած գործակցութեան մակարդակին համար։ Անոնք նաեւ կարծիք փոխանակած են երկկողմանի, շրջանային եւ հասարակաց հետաքրքրութիւն հանդիսացող համաշխարհային հարցերու մասին։