ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինեըն».- Թեթեւագոյն քաշային կարգի (մինչեւ 51 քկ.) բռնցքամարտիկ, կանանց-մասնագէտներու ծիրէն ներս WBA եւ WIBF վարկածներով աշխարհի կրկնակի ախոյեան Սիւզաննա Քենտիկեան (Killer Queen) Յուլիս 4ին պիտի պաշտպանէ իր տիտղոսները՝ WBA վարկածով երկրորդ թեթեւագոյն քաշային կարգի ախոյեան, արժանթինուհի Քարոլինա Մարսէլէ Կուտիերես Կայտէի դէմ մենամարտի ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ «Color Line Arena»ի «Universum Champions Night» բռնցքամարտի շրջանակէն ներս:
32ամեայ Քարոլինա Կայտէն արդէն իսկ անցած է տպաւորիչ սահմաններ՝ կանանց մասնագիտական բռնցքամարտի մէջ, երբ 15 յաղթական մենամարտերէն 11ը աւարտած է «նաքաութ»ով: «Մարդասպան-թագուհի»ին յաղթելու պարագային, Ք. Կայտէ միտք ունի տեղափոխուելու աւելի մեծ քաշային կարգ:
Ս. Քենտիկեան յաղթած է բոլոր 24 մենամարտերուն ընթացքին՝ անոնցմէ 16ը «նաքաութ»ով աւարտելով: Իսկ վերջին պաշտպանութիւնը կատարած է Մարտ 20ին Համպուրկի մէջ՝ համոզիչ յաղթնակ տանելով ամերիկացի բռնցքամարտիկ Էլէնա Ռիտի հանդէպ: