ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախագահութեան թեկնածուները Հինգշաբթի օր, նախագահական ընտրութեան նախօրեակին, աւարտեցին իրենց սուր ընտրապայքարը։ Բարեկարգչականները կը յուսան, որ պիտի յաջողին արգելք հանդիսանալ, որպէսզի կարծր դիրքորոշումներու տէր նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ երկրորդ նստաշրջան մը չապահովէ։
Ընտրապայքարը յատկանշուած էր աննախադէպ քաղաքական ցեխարցակումներով, ինչպէս նաեւ Թեհրանի մէջ նախկին վարչապետ, նախագահութեան չափաւորական թեկնածու Միրհոսէյն Մուսավիի մեծաթիւ համակիրներու ընտրական մեծ հաւաքներով։
Այսօրուան ընտրութիւնը կրնայ Արեւմուտքին հետ Իրանի յարաբերութեանց ընթացքը ճշդել։ Վերլուծաբաններ կը յայտնեն, թէ Մուսավիի յաղթանակը կրնայ բարձրացնել Իրանի մէջ արեւմտեան ներդրումներու հաւանականութիւնը։
Իրանցիներուն համար ընտրութիւնը առիթ մըն է Ահմատինեժատի տնտեսական քաղաքականութեան եւ ընկերային խիստ օրակարգին վերաբերեալ իրենց վճիռը արձակելու։
Եթէ չորս թեկնածուներէն ոչ ոք կարողանայ բացարձակ մեծամասնութիւնը ապահովել, ապա առաւելագոյն քուէներ ապահոված երկու թեկնածուները 19 Յուլիսին պիտի մասնակցին ընտրութեան երկրորդ հանգրուանին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.