ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, վաճառքներու համեմատութիւնը Մայիսին աճ արձանագրած է 0.5 տոկոսով, Հինգշաբթի, Յունիս 11ին հաղորդեց առեւտուրի նախարարութիւնը: Աճը տնտեսագէտներուն ակնկալած 0.2 տոկոսէն աւելի էր:
Միւս կողմէ, անգործութեան ապահովագրութենէն առաջին անգամ օժանդակութիւն խնդրողներուն թիւը 601,000ի նուազած է անցեալ շաբթուան ընթացքին, ինչ որ տնտեսագէտներու ակնկալած 615,000էն նուազ էր: Սակայն, նման օժանդակութիւն ստացողներուն ընդհանուր թիւը յաջորդական 19րդ մրցանակը հաստատած է՝ հասնելով 6.8 միլիոնի:
Վերջապէս, դաշնակցային պահեստը Հինգշաբթի օր հաղորդեց, թէ ամերիկացիներուն ընդհանուր ստացուածքին արժէքը 1330 միլիառ տոլարով նուազած է այս տարուան առաջին երեք ամիսներուն ընթացքին՝ հասնելով 50,380 միլիառ տոլարի, ինչ որ նուազագոյն մակարդակն է 2004ի երրորդ եռամսեայէն ի վեր: