ԵՐԵՒԱՆ.- Ըստ Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան ոլորտին մէջ ընթացող բարեփոխումներու պահանջներուն, Զինուած ուժերուն նկատմամբ հասարակական վերահսկողութեան խստացման եւ Զինուած ուժերուն մէջ մարդու իրաւունքներու ու ազատութիւններու պաշտպանութեան նպատակով, կը ստեղծուի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին առընթեր հասարակական խորհուրդ մը՝ կազմուած գիտութեան, կրթութեան, բնապահպանութեան, մարմնամարզի եւ առողջապահութեան բնագաւառներուն, նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէկական, իսկ մշակոյթի բնագաւառի, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւններու երկուքական ներկայացուցիչներէ:
Պաշտպանութեան նախարարին առընթեր հասարակական խորհուրդին մէջ ընդգրկուիլ ցանկացողները մինչեւ 2009ի Յունիս 30 պէտք է պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւն ներկայացնեն իրենց դիմումը, անձնագիրի պատճէն, ինքնակենսագրութիւնը, զիրենք ներկայացնող կազմակերպութեան երաշխաւորագիրը, կազմակերպութեան կանոնադրութիւնը եւ գործունէութեան համառօտ նկարագրութիւնը:
Լրացուցիչ պարզաբանումներու անհրաժեշտութեան պարագային, կարելի է զանգահարել 29-46-43 եւ 29-46-29 հեռախօսի թիւերով, կամ՝ կապուիլ modpress@mail.ru ելեկտրական հասցէով: