ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Աթանէսեան դրական գնահատեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ՝ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ Յունիս 4ին կայացած հանդիպումը, ընդգծելով, որ այդ հանդիպումը կը վկայէ խնդիրի խաղաղ կարգաւորման մտադրութիւնը: «Ցանկացած հանդիպում պէտք է դրական գնահատել. երբ չկան հանդիպումներ, նշանակում է կողմերը հեռանում են երկխօսութեան, խաղաղ կարգաւորման սկզբունքներից», նկատեց Վ. Աթանէսեան: Ան Յունիս 5ին տեղի ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, «Արմէնփրէս»ի լրագրողին յայտնեց, թէ սխալ պիտի ըլլար դերաբաշխում կատարել Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային գործընթացներուն միջեւ, շեշտելով, որ պէտք է յստակացնել բանակցող իւրաքանչիւր կողմի ոչ միայն իրաւունքները, այլեւ՝ պատասխանատուութիւնները: Այս առումով, ան կոչ ըրաւ, որ ԼՂՀի մէջ ընթանան քննարկումներ այն մասին թէ՝ Արցախը ինչպիսի՞ պատասխանատուութիւն կրնայ ստանձնել, ապա այդ պատասխանատուութիւններու շրջանակը ներկայացուի միջազգային միջնորդներուն եւ Հայաստանի հանրապետութեան:
Աթանասեան խօսեցաւ այն հանգամանքին մասին, ըստ որուն, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու վերջին այցելութիւնները Ստեփանակերտ, եւ այնտեղ ղարաբաղեան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ կատարուած բանակցութիւնները ցոյց տուած են, որ Արցախի բնակչութիւնը աւելի կարծր դիրքորոշում ունի, քան իշխանութիւնները: