ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Լեռնավայր» կոմիտէն սեփականտէրը դարձաւ շրջանի հայ համայնքի կարիքներու ծառայելու կոչուած նոր կեդրոնի մը, որուն շէնքային մասը միայն 7600 ոտք տարածք ունի, ամբողջ կալուածը՝ 42000 ոտք, իսկ պասքէթպոլի փակ մարզադաշտը՝ 6000 ոտք:
2242 foothill հասցէով այս կեդրոնը, ըստ «Լեռնավայր» կոմիտէի քարտուղար եւ շինրարական-վերանորոգումի գործերը ստանձնած յանձնախումբի պատասխանատու Անդրանիկ Շանլեանի, պիտի ծառայէ Փասատինայի Հայ օգնութեան միութեան, ՀՄԸՄի, Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական միութեան, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններուն, Հայ տարեցներու միութեան, Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայ մշակութային հիմնարկութեան եւ անշուշտ ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան կազմակերպական ու միութենական կարիքներուն:
Կալուածի մուտքին հսկայ ծառ մը իր շուքը փռած՝ առանձին հրապոյր մը կու տայ տարածքին, շրջանի երիտասարդներուն հանգիստ ու գրաւիչ ժամադրավայր մը ըլլալ խոստանալով:
Նպատակներէն թերեւս կարեւորագոյնը այդ է, կ՛ըսէ Շանլեան, որուն կողքին նստած կոմիտէութեան ընկերներէն հայր ու որդի Վարուժան եւ Վաչէ Տէրտէրեանները կը հաստատեն նոյն մօտեցումը:
Տէրտէրեաններու աշխատավայրը ճիշդ փողոցին դիմացի կողմը ըլլալով՝ մանաւանդ Վարուժանը իր ազատ ժամանակը ամբողջ կը տրամադրէ նոր կեդրոնի աշխատանքները վերահսկելուն:
Տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն տակ ի՞նչ էր որ մղած էր ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութիւնը այսպիսի մեծ ծրագիրի մը իրականացման: Այս հարցումին Շանլեան կը պատասխանէ ըսելով, թէ Փասատինայի համայնքի ներկայ աշխուժութեան լոյսին տակ, վերոնշեալ կազմակերպութիւններու գործունէութեան ծաւալումով՝ Ուաշինկթըն պողոտային վրայի կեդրոնը շատ նեղ սկսած էր դառնալ: Մանաւանդ, տնտեսական նկատառումներով եւ հասոյթ ապահովելու մտահոգութեամբ, կեդրոնը վարձու տալու պարտաւորուած էին, ինչ որ աւելի եւս կը սահմանափակէր միութիւններուն կողմէ կեդրոնի օգտագործումը:
Երկու տարի առաջ, երիտասարդական կեդրոն մը ունենալու առաջադրանքով, կոմիտէութիւնը գնած էր մէկ այլ կալուած մը, որուն ամբողջ տարածքը եօթը հազար քառակուսի ոտք էր: Այդ կալուածն ալ հիմա հասութաբեր նպատակի համար կ՛օգտագործուի:
Այս նոր կեդրոնը, որուն գնման մղիչ ուժերէն էր համայնքի անդամներէն Տիգրան Թապաքեանը, պիտի ունենայ երիտասարդութեան յարմար բաժիններ: Բացի ժամանցի խաղերէ ու մեծ պաստառով հեռատեսիլէ, որ հնարաւոր պիտի դարձնէ մարզական խաղերն ու մրցաշարքերը մեծ խումբով դիտելու հաճոյքը վայելելը, կեդրոնը պիտի ունենայ յատուկ սենեակներ, ուր պիտի զետեղուին համակարգիչներ, տպագրիչ սարքեր ու համացանցային կապ: Ուսանող թէ աշակերտ, կ՛ըսէ Շանլեան, պիտի կարենայ գալ կեդրոն, իր միութենական պարտականութիւնները կատարել, ընկերական միջավայրը վայելել, եւ երբ կարիքը զգայ, նաեւ՝ սերտել ու դաս պատրաստել:
«Համազգային»ի տեղւոյն մասնաճիւղի պարախումբը վարժութիւններու համար տեղ պիտի ունենայ: Նաեւ, մասնաճիւղը թատրոնի խումբ ստեղծելու հնարաւորութիւնը պիտի ունենայ:
ՀՄԸՄի սկաուտներուն ու մարզական կարիքներուն համար եւս յատուկ տեղ տրամադրուած է: Այս մասին աւելի մանրամասնօրէն կրնաք իմանալ մեր աշխատակից Գէորգ Պետիկեանի հարցազրոյցէն՝ կատարուած շրջանի ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի ատենապետ Սարգիս Կարապետեանի հետ (տես էջ 3):
Հասկնալի է: Կարիքը ինքզինք կրնայ պարտադրել: Սակայն, դարձեալ վերադառնալով տնտեսական ճգնաժամին, երեքուկէս միլիոն տոլարի յանձնառութիւն վերցնելով՝ այս օրերուն բաւական յանդուգն քայլ կրնայ նկատուիլ ասիկա, եթէ ոչ՝ արկածախնդրական:
Անդրանիկ Շանլեան ու Վարուժան Տէրտէրեան կը համոզեն զիս, թէ Փասատինայի մէջ, ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութիւնը միշտ ալ իր հասակէն վեր ծրագիրներ ստանձնած է՝ վստահելով իր կողքին կանգնած միութիւններուն ու ընկերներուն օժանդակութեան:
Մենք երբեք մեծ նուիրատուներ չենք ունեցած, կ՛ըսէ Վարուժան Տէրտէրեան, սակայն կրցած ենք բեռէն դուրս գալ՝ շնորհիւ ընկերներու պատրաստակամութեան, անոնց ֆիզիքական աշխատանքին, նիւթական օժանդակութեան ու գործը գլուխ հանելու հաւաքական վճռականութեան:
Վարուժանը, Անդրանիկն ու Վաչէն սկսան թուել այն անձերու անունները, որոնք այս կոմիտէութեան ձեռք ձգած շէնքերու վերանորոգման աշխատանքներուն ուղղակի մասնակցութիւն բերած են: Շարքը երկար է եւ իրենք մտահոգ են այն բանով, որ յանկարծ մոռացութեան չտան մէկուն կամ միւսին անունը:
Ողբացեալ Արա Պզտիկեանը խորապէս տպաւորած է բոլորը անով, որ հակառակ շրջանի ղեկավարը ըլլալուն՝ սեփական ձեռքերով առաջին կեդրոնի արտաքնոցները մաքրած ու վերանորոգած էր:
Անդրանիկը կը յիշէ Վարուժանին ու իր եղբօրը՝ Ճանիին անունները, ու միասին կ՛աւելցնեն Տիգրան Թաշճեանի, Յարութ Տէր Յակոբեանի, Կարպիս Հինտոյեանի, Արթօ Քէօլեանի, Վազգէն Մատէնլեանի, Յովիկ Սալիպայի, Սարգիս Սանկիկեանի, Յակոբ Սիմոնեանի, Տիգրան Բալուեանի, Հրայր Թորոսեանի, Գոգօ Մեսրոպեանի, Կարօ Յարութիւնեանի անունները: Յովիկ Տիմէճեանը այս նոր կեդրոնի առուծախի պայմանագիրը կնքեց՝ նուիրելով իր բաժին տոկոսը:
Բոլոր միութիւնները յանձն առած են ամսական գումար մը յատկացնելու պարտականութիւնը՝ պարտքը փակելու համար, կիսելով կոմիտէութեան բեռը:
Քանի մը օր առաջ քոյր միութիւններու ատենապետներուն հետ կոմիտէն ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին ակներեւ եղած է, թէ նոր կեդրոնով խանդավառուած են բոլորը:
Այդ հանդիպման յայտարարուած է, որ միութիւնները կրնան իրենց նոր գրասենեակները գրաւել Յունիսի կիսուն: Ժողովրդային բացումը պիտի կատարուի աւելի ուշ: Նաեւ, ժողովրդային ձեռնարկներու շարք մը կը նախատեսուի նիւթական միջոց հայթայթելու նպատակով: