ՕՍԼՕ.- «Պիանէթ» կայքէջը կը հաղորդէ, թէ Նորվեկիոյ մէջ կազմակերպուած արտայայտութեան ազատութեան նուիրուած համագումարի մը Յունիս 4ի նիստին ընթացքին, օրակարգի բերուեցաւ նաեւ «Ցեղասպանութեան ուրացման օրէնքն ու քաղաքականութիւնը» նիւթը: Այս ժողովին մասնակցած էր նաեւ պատմաբան ու հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու, որ ուրիշներու կարգին, 1915ի ջարդերը որակեց Հայկական Ցեղասպանութիւն։
Այդ միջոցին անձ մը, որ յայտնեց թէ ինք Նորվեկիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան ներկայացուցիչն է, խօսք ուզեց ու ըսաւ, որ 1915ին հայերը տեղահանուեցան ոչ թէ անոր համար, որ հայ էին, այլ անոր համար, որ թշնամիին հետ գործակցած էին։ Ան աւելցուց, թէ ամէն երկիր, որուն ապահովութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դառնայ, նմանօրինակ քայլերու կը դիմէ:
Դեսպանատան պաշտօնեային այս միջամտութիւնը մեծ շուարում յառաջացուց սրահին մէջ։ Զարաքօլու եւ ուրիշներ քննադատեցին թուրք պաշտօնեան: Զարաքօլու ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ կան օրէնքներ, որոնք կ՛արգիլեն 1915ի Ցեղասպանութեան մասին խօսիլը. ինք ե՛ւս դատապարտուած է այդ մասին խօսած ըլլալուն համար։
Իր կարգին, Հրէական Ողջակիզումէն փրկուածներու խմբակի տնօրէն Եայէլ Տանիէլի ըսաւ, որ այս նիւթին մէջ, եթէ լրատուական միջոցները իրենց պարտականութիւնը չկատարեն, ապա ոչ միայն ճշմարտութիւնները պահուած կը մնան, այլ նաեւ մամուլը օգնած կ՛ըլլայ, որ յիշողութիւնները անհետանան։
Օսլոյի Ողջակիզման ու կրօնական փոքրամասնութիւններու ուսումնասիրութեան կեդրոնի ներկայացուցիչ Անթոն Վէյս Վէնտթ ըսաւ, թէ ինք չի հաւատար, որ Ցեղասպանութեան ուրացումը կարելի է կանխարգիլել դատարաններու որոշումներով։ Ակնկալութիւնները այնքան մեծ են, որ իրական յուսախաբութիւն մը կրնանք ապրիլ, եթէ դատարանէն սպասենք, որ Ցեղասպանութիւնը ճանչնայ ու փաստեր առաջ բերէ, ըսաւ ան։