ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի նորընտիր ատենապետ Արա Ակիշեան, Կիրակի, Մայիս 10ին Ս. Էջմիածինի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ:
Կաթողիկոսը տեղեկութիւններ տուած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տարուող եկեղեցական աշխատանքներուն մասին, կեդրոնանալով յատկապէս երեխաներու, կրթական եւ առողջապահական նոր ծրագիրներուն վրայ, որոնք սկսած են գործադրուիլ Հայաստանի տարածքին:
Իր կարգին, իրաւաբան Արա Ակիշեան շնորհակալութիւն յայտնած է եկեղեցիի կողմէ ցուցաբերուած օժանդակութեանց համար եւ տեղեկութիւններ տուած է «Հայաստան» հիմնադրամի նորագոյն աշխատանքներուն մասին:
Հանդիպումի աւարրտին Ս. Էջմիածնի մէջ մատուցուած է պատարագ մը, որու ընթացքին կաթողիկոսը օրհնած է «Հայաստան» հիմնադրամի գործունէութիւնը: