ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Կիրակի, Մայիս 31ին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամի հանգանակային թելեթոնին արդիւնքները գերազանցեցին ամէն ակնկալութիւն:

Արդարեւ, տնտեսական ճգնաժամի ստեղծած բարոյալքիչ պայմաններուն տակ իսկ ամերիկահայութիւնը գիտակցեցաւ Հայ Դատի աշխատանքներու կարեւորութեան եւ իր կարելիէն աւելիով մասնակցեցաւ հանգանակային այս իւրայատուկ ձեռնարկին՝ գոյացնելով մօտաւորապէս 2.6 միլիոն տոլար (Քալիֆորնիոյ ժամով երեկոյեան ժամը 9ի դրութեամբ, երբ հնչեց ծրագրի աւարտին զանգը, հաւաքուած էր 2,580,000 տոլար):
Թելեթոնին անակնկալներէն մէկն էր Քըրք Քըրքորեանի «Լինսի» հիմնարկի 150,000 տոլարի նուիրատուութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու տարածքին «Հորիզոն» եւ ARTN կայաններէն պատկերասփռուած եւ համացանցով հեռասփռուած վեց ժամուան ծրագիրի մը ընթացքին ցուցադրուեցան Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ տարուած աշխատանքներուն մասին տեղեկատուական շարք մը տեսաերիզներ ու գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ելոյթներ ունեցան նաեւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ հայր Անտոն Սարոյեան, Հայ աւետարանական համայնքի վեր. Յովսէփ Մաթոսեան, Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետ Լի Պաքա, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քէն Խաչիկեան ու գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, ինչպէս նաեւ գլխաւոր հովանաւորողներ եւ նուիրատուներ:
Արձանագրուած պատգամներ յղած էին առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի մեծամասնութեան ղեկավարի օգնական Փօլ Գրիգորեան, ինչպէս նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ ու Քալիֆորնիոյ նահանգապետի պաշտօնի թեկնածու Քէվին Նիւսըմ:
2009ի թելեթոնի յանձնախումբը պատրաստած էր յաջող ծրագիր մը, որուն հաղորդավարներն էին Միացեալ Նահանգներու տարածքէն 11 ներկայացուցիչներ: Հաղորդավարներն էին՝ Քարինէ Պիրազեան, Փօլ Չատրճեան, Ալինա Տորեան, Սիլվա Յարութիւնեան, Արի Քիլեան, Ռոքսէն Մաքասճեան, Սթիւ Մեսրոպեան, Անահիտ Օշական, Արամ Սաֆարեան եւ Մանուկ Սէրայտարեան:
Թելեթոնին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ շրջանի կազմակերպութիւնները, եկեղեցիներն ու վարժարանները:
Հաւաքուած գումարը պիտի տրամադրուի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքները ընդարձակելու նպատակներուն:
Ծրագրի բոլոր մասնակիցները, հաղորդավարներէն սկսեալ մինչեւ հեռախօսներու պատասխանող երիտասարդները, աննախադէպ ոգեւորութեամբ նշեցին ծրագրին աւարտը: