ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Վստահ եմ, որ ինծի պէս շատեր, յատուկ առիթներով կամ առանց առիթի, յաճախ կը թղթատեն, կը կարդան պատմական արժէքով գիրքեր ու հրատարակութիւններ, պատկերազարդ ալպոմներ։
Նորագոյն փորձառութիւնս քանի մը օր առաջ էր. կ՛ուզէի անգամ մը եւս «այցելել» այն վայրերն ու հանգրուանները, որոնց գագաթնակէտը եղան Սարդարապատը, Բաշ Ապարանն ու Մայիս 28ը, ապա նաեւ ուրուագծեցին Հայաստանի հանրապետութեան կարճատեւ կեանքը, մինչեւ մեզի ժամանակակից հերոսապատումները՝ Արցախի մէջ։
Մեր յեղափոխական շարժումին սկզբնաւորումէն մինչեւ Օսմանեան սահմանադրութիւն, անոր յաջորդած՝ Ատանայի ու շրջակայ գօտիի ողբերգական իրադարձութիւնները, մինչեւ Ապրիլ 24, Վանի ու այլ հերոսամարտեր, Կամաւորական շարժում ու Ցարական կայսրութեան փլուզում, Սէյմ ու կովկասեան երեք երկիրներու անկախութիւնը, մինչեւ համայնավար Ռուսիոյ լուծին Հայաստանի վերադարձը, ու տակաւին՝ մինչեւ Արցախեան շարժում եւ պատմականօրէն հայկական հողերու վերստին ու լիարժէք կերպով հայացում… աչքերուս դիմաց տողանցեցին հերոսական ու ողբերգական դէպքեր, պատմական կշիռ ունեցող իրադարձութիւններ։
Այդ բոլորին մասին յաճախ գրուած է, ամէն տարի, նորագոյն տուեալներու լոյսին տակ, արժեւորումներ կատարուած են ու սեւ ու փայլուն դէպքերէն բխող անժամանցելի պատգամներ վեր առնուած են։ Այս անգամ, չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՛ս «վերաքաղս» զգեցաւ բոլորովին տարբեր ընթացք. վստահ եմ, որ նման հոգեվիճակ բաժին եղած է նաեւ շատերու…
Ապրած հոգեվիճակս արդիւնք էր… լուսանկարներու մէջէն զիս դիտող աչքերէն բխող լուռ պատգամներուն։ Խրիմեան Հայրիկէն մինչեւ Արաբօ, Գէորգ Չաւուշ ու Սասունի, Տարօնի, Վասպուրականի հերոսները, Նիկոլ Դումանէն մինչեւ Վանի ու Երեւանի Արամը, Քրիստափորէն մինչեւ Շանթ ու Սասունի, Ահարոնեանէն մինչեւ Շաւարշ Թորիկեան, մինչեւ Արցախի բազմատասնեակ նահատակները՝ բոլո՛րը, բոլո՛րը, կարծէք իրենց անշարժացած, բայց ջերմ ակնարկներով զրոյցի նստած էին հետս։ Ինչե՜ր, ինչե՜ր կարելի էր կարդալ այդ աչքերուն մէջ, որոնք երբեմն ֆետայիներու յատուկ խրոխտութեամբ կը դիտէին զիս, իսկ երբեմն ալ Նիկոլ Աղբալեանի կամ Սիամանթոյի փափկութեամբ ու խոհունութեամբ յարած էին աչքերուս…
Մեր ֆետայիները, յեղափոխական գործիչներն ու մտաւորականները, մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արիւն ու քրտինք թափած սերունդները, իրենք մէկ-մէկ պատմութիւն էին անվիճելիօրէն, սակայն նաեւ մարմնաւորումն էին համապարփակ պատգամի մը տարբեր երեսներուն։
Ահա թէ ի՛նչ կը կարդայի անոնց աչքերուն մէջ:
Ֆետայիներն ու պատերազմիկ զինուորները հպարտօրէն կ՛ըսէին. «Մենք մեր կեանքն ու արիւնը չսակարկեցինք, երբ նետուեցանք պայքարի դաշտ, որպէսզի մեր ժողովուրդին համար ապահովենք մարդավայել կեանքի պայմաններ, մարդկային տարրական իրաւունքներ, որպէսզի պաշտպանենք ընտանիք, ինչք ու հայրենի հող։ Մեր պայքարի առաջին օրերէն իսկ, գիտէինք, որ անհաւասար կռիւի մէջ կը նետուինք, սակայն նաեւ համոզուած էինք, որ մենք իրաւացի ենք, եւ յաճախ փաստեցինք, որ իրաւունքը միշտ զօրաւորինը չէ, այլ նաեւ աննահանջ պայքարողին, զոհաբերումէ չվախցողին, սեփական բազուկին վստահողին…»։
Գրիչի նուիրեալները, ֆետայիներուն խօսքը ընդհատելով՝ կ՛աւելցնէին. «Մենք եւս անմասն չենք իրաւունքի պաշտպանութենէն։ Մենք «պայքա՛ր, պայքա՛ր պայքա՛ր երգեցինք», որպէսզի մեր երիտասարդ սերունդները սորվին ու կիրարկեն պայքարի այլազան ձեւերը։ Մենք սորվեցանք ու սորվեցուցինք, որ զէնքն ու գրիչը հաւասարապէս անհրաժեշտ են իրաւունքներու հետապնդման համար, եւ այդ բոլորը իբրեւ աւանդ ու պատգամ փոխանցեցինք մեզի ժամանակակից ու յաջորդ սերունդներուն, հասցուցինք ձեզի…»։
Յետոյ, պայքարի զուգահեռ գիծեր ակօսած աչքերը իրենց ձայները միացուցին ըսելու. «Մենք գրիչով, զէնքով ու քաղաքական տարբեր միջոցներով պայքարեցանք ի խնդիր մեր ժողովուրդին ու հայրենիքի իրաւունքներուն. պայքարեցանք համոզումով, գրաւի դրինք մեր ամէնէն թանկագինը՝ կեանքը. մերթ յաղթանակեցինք, յաճախ զոհուեցանք, սակայն այդ բոլորը ըրինք՝ հաւատարիմ մնալով մեր պատմութիւնը կազմաւորած անշեղ ուղիին։ Մենք եղանք անցեալը մեր ներկային ու ձեր ապագային կապող կամուրջը, որպէսզի իրաւուքնի ու հայրենի հողին համար պայքարը մնայ անշեղ հունի մէջ, որպէսզի դուք ու յաջորդներդ հաւատարիմ մնաք մեր պահանջատիրութեան։ Մենք կերտեցինք Վանի ու Մուսա Տաղի նման հերոսամարտեր, Սարդարապատ ու Մայիս 28, որպէսզի գործնապէս ցոյց տանք, որ՝ «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար», կը ստեղծեն յաղթանակի հրաշքներ…։ Եթէ կը կարծէք, որ Սարդարապատը եւ Մայիս 28ը իւրայատուկ ու անկրկնելի իրագործումներ էին, նայեցէք ձեր այսօրուան, ուր պիտի տեսնէք սարդարապատեան հրաշքին կրկնութիւնը՝ Արցախի բարձունքներուն ու դաշտերուն…
«Մնացէք հաւատարիմ մեր պատմութեան ու յաղթական երթին, հոգ չէ թէ արձանագրէք ընկրկումներ ու պարտադիր նահանջներ։ Այսօր, երբ կը տօնէք Մայիս 28, մի՛ մոռնաք, որ Մայիսեան Հայաստանէն ձեզի ժառանգ ու աւանդ հասած են, հողի, ազգային դրօշի, համալսարանի ու այլ արժէքներու կողքին՝ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆի համահայկական որոշումը, մեր Եռագոյնը հայկական բոլոր հողերուն վրայ տարածելու վսեմ պարտականութիւնը։ «Ձեր երիվարը յոգնութիւն ու դանդաղում թող չճանչնայ, այնքան ատեն որ ձեր նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար, այնքան ատեն, որ ժամանակաւոր հրապոյրները չեն մթագներ հայկական արծիւին աչքերը։ Մենք ալ, մեր օրերուն, երբեմն մտածած ենք, որ անկարելի ու դժուարին կացութիւններու դէմ յանդիման էինք, սակայն լաւ կարդացէք մեր երէկն ու մօտիկ անցեալը, ու պիտի համոզուիք, որ երբ կայ կամք ու հնարամտութիւն, կան նաեւ լուծումներ ու յաղթանակներ։ «Մեր ուղին սխալներով չկերտուեցաւ։ Դուք հիմա ունիք նա՛եւ մեր փորձառութիւնը։ Իրաւունք չունիք սխալելու»: