ՄԱՐԻ ԹՐԹՌԵԱՆ
Փասատինայի Հայ-ամերիկեան տարեցներու միութեան (ՀԱՏՄ) վարչութեան գեղեցիկ մէկ նախաձեռնութիւնն է ամէն տարի նշել Մայրերու օրը։ Այս տարի, աւանդութիւն դարձած այդ միջոցառումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2009ին, Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնի ընդարձակ սրահին մէջ։
Սրահի մուտքին, գործող վարչութիւնը եւ բոլոր մայրերը սիրալիր ընդունելութեամբ դիմաւորուեցան հիւրընկալ վարչութեան կողմէ՝ գարնանային մեխակներով։ Աւելի քան բաւական անդամուհիներ եւ հիւրեր իրենց տեղերը գրաւած էին տօնական շքեղութեամբ եւ ուտելիքներով ճոխացած սեղաններու շուրջ։ Բոլորն ալ ուրախ էին, որովհետեւ եկած էին պատուելու իրենց մայրերն ու մեծ մայրերը, ինչո՛ւ չէ նաեւ՝ զոքանչները։
Ներկայ էին Էնսինոյի վարչութիւնը՝ ղեկավարութեամբ Սուրէն Քահուէճեանի։ Վարչութեան ատենապետուհի Մարի Թրթռեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ շնորհաւորելով Մայրերու տօնը եւ անոնց առողջութիւն մաղթելով։
Օրուան ճաշը կը հովանաւորէին Վարուժ եւ Ժանէթ Տէրտէրեանները՝ իրենց ծնողաց յիշատակին, որուն համար մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ։ Տօնին ուրախ առիթով, «Անուշավաճառ Սարգիս»ը նուիրած էր ձեռնարկին անուշեղէնները: Շրջանիս պարտաճանաչ քահանան՝ տէր Խորէն Պապօշեան, օրհնեց սեղաններն ու սեղանակիցները։
Ճաշէն անմիջապէս ետք, այս տարի յատուկ գնահատանքի արժանացան երկու տիպար մայրեր՝ Արշօ Նազարեան եւ Անահիտ Պասմաճեան, որոնք տարիներու իրենց ծառայութեամբ, անձնուիրութեամբ եւ զոհողութիւններով, օգտակար եղած են Փասատինայի ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղին եւ Տարեցներու միութեան: Ընկերուհիները անակնկալի դիմաց գտնուելով՝ յուզումով եւ ուրախութեամբ ընդունեցին իրենց գնահատականները: Անոնց հարազատները ծաղկեփունջերով ողջունեցին իրենց մայրերուն գնահատանքը։ Այս ուրախ առիթով եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, որոնց համար մեծապէս շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ։
Ժամանակը հասած էր գեղարուեստական բաժինին: Օրուան երգիչը Նշան æաղացպանեան, իր ազգային յեղափոխական երգերով ճոխացուց հաւաքոյթը։
Ատենապետուհին հրաւիրեց Էնսինոյի ատենապետ Խորէն Քահուէճեանը, որպէսզի իր սրտին խօսքը փոխանցէ ներկաներուն: Ան նախ շնորհաւորեց բոլոր մայրերը եւ թելադրեց քաջալերել հաւաքոյթները այս օտար ափերուն, որպէսզի մեր աւանդոյթները չկորսուին։ Սուրէնը իր անբաժան ջութակով սկսաւ նուագել՝ ընկերակցութեամբ հալէպահայ երգիչ Մարտոյի, որ իր բարձր ձայնով եւ կատարած ազգային եւ յեղափոխական երգերով ճոխացուց ձեռնարկը։
Ատենապետուհին հրաւիրեց շրջանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ քահանան՝ տէր Խորէն Պապօշեանը, իր սրտին խօսքը փոխանցելու մայրերուն: Քահանայ հայրը նախ շնորհաւորեց Մայրերու տօնը՝ մաղթելով առողջութիւն եւ երջանկութիւն, ապա նոր սերունդի մայրերուն թելադրեց, որ իրենց զաւակները փոխանակ օտար խնամակալներու յանձնելու, վստահին իրենց մայրերուն, «որպէսզի երեխան հայօրէն ապրի, հայ մեծնայ», ըսաւ տէր հայրը: Անոր խրախուսիչ խօսքերը մեծ ուրախութեամբ ընդունուեցան ներկաներուն կողմէ եւ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ այս յատուկ պատգամին համար:
Հաւաքոյթը վերջ գտաւ երգիչ Նշան æաղացպանեանի կատարած հայկական երգերով, դարձեալ տեսնուելու յոյսով: