Այսօրուան մեր խմբագրականը պիտի հրաւիրէր ձեզ մասնակցելու Հայ Դատի Յանձնախումբի Հիմնադրամի թելեթոնին, որ տեղի պիտի ունենայ Մայիս 31ին:
Բառերու փոխարէն ձեզ կը ներկայացնենք նկարներ՝ թելեթոնին տարբեր ձեւերով մասնակցողներու՝ «Ֆերահեան» եւ «Շամլեան» վարժարաններու շրջանակէն: Միացէք իրենց: Այս է մեր դիմումը, առաջարկը, հրաւէրն ու խնդրանքը: Կողքը «Ֆերահեան»ի ուսուցիչներն են իսկ մնացեալ նկարները «Շամլեան»ի աշակերտներու եւ ծնողներու հանգանակային իւրայատուկ ձեռնարկէն դրուագներ են:
Հայ Դատ Թելեթոնի ի նպաստ նախաձեռնութիւնները կը բազմանան: Նկարին մէջ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան վարժարանի Նորթ Հիլզի համալիրէն ներս ուսուցչական կազմի ջանքով թարմ լաւաշ հաց կը պատրաստուի եւ կը վաճառուի աշակերտներուն եւ ծնողներուն: Եկամուտը անշուշտ թելեթոնին: