ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Մայիս 21ին, Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին անգործութեան ապահովագրութենէն օժանդակութիւն ստանալու համար առաջին անգամ դիմում կատարողներուն թիւը 631,000ի նուազած է, ինչ որ տնտեսագէտներուն կողմէ ակնկալուած 630,000 թիւին շատ մօտ էր: Նախորդ շաբաթ այս տուեալը 643,000 էր:
Միւս կողմէ, հաղորդուեցաւ, թէ ապահովագրութենէն օժանդակութիւն ստացողներուն ընդհանուր թիւը յաջորդական 16րդ շաբաթն ըլլալով, նոր մրցանիշ մը հաստատած է՝ հասնելով 6.7 միլիոնի:
Տնտեսագէտներ կը յայտնեն, թէ ինքնաշարժի հսկայ ընկերութիւններէն յաւելեալ պաշտօնազրկումները վստահաբար պիտի շարունակեն բարձր պահել անգործներուն թիւը: