ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հինգշաբթի օր, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան «Ազատութիւն» ռատիօկայան թղթակիցին յայտնած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Մայիս 28ին համաներում պիտի յայտարարէ «Մարտ 1»ի գործով կալանաւորուածներուն համար:
Անցեալ Երկուշաբթի, խորհրդարանի նիստին ընթացքին, Յովիկ Աբրահամեան համոզում յայտնած էր այն մասին, թէ՝ 2008ի Մարտ 1-2ի իրադարձութիւններուն առնչութեամբ կալանաւորուած Ազգային ժողովի երեք պատգամաւորներուն հետ կապուած գործընթացները «ունենալու են դրական արդիւնք»:
Խորհրդարանի նստաշրջանի օրակարգը հաստատելու ընթացքին, երբ Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Ստեփան Սաֆարեան հարցուցած էր, թէ ինչո՞ւ օրակարգին մէջ չէ ընդգրկուած կալանաւորուած պատգամաւորներ Միասնիկ Մալխասեանի, Յակոբ Յակոբեանի եւ Սասուն Միքայէլեանի կողմէ Ապրիլ 9էն սկսեալ շրջանառութեան մէջ դրուած իրենց պատգամաւորական անձեռնմխելիութիւնը վերականգնելու մասին նախագիծը, Յովիկ Աբրահամեանի պատասխանը եղած էր. «Մենք գործընթացներին հետեւում ենք:
Ես համոզուած եմ, որ այդ գործընթացները դրական են ընթանում եւ մենք ունենալու ենք դրական արդիւնք: Ես նոյնպէս մտահոգ եմ, որ մեր երեք գործընկերների այդ գործընթացները ստանան դրական լուծում»: