ԱՆԳԱՐԱ.- «Փան-Արմինեըն» լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնը քաղելով «Թուտէյզ Զաման» թրքական թերթէն, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Իլթեր Թուրքմէն համոզում յայտնած է, որ Անգարան մօտ ատենէն պիտի չկարենայ իր յարաբերութիւնները կարգաւորել Երեւանի հետ: Թուրք դիւանագէտին կարծիքով, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կապուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման հետ:
«Որքան ես գիտեմ, Թուրքիան սկզբնական շրջանին կը պահանջէր Լեռնային Ղարաբաղին յարող շրջաններէն, այլ ոչ թէ Լեռնային Ղարաբաղէն, հայկական զօրքերու դուրսբերում: Սակայն այժմ վարչապետը կը խօսի բոլորովին այլ բաներ: Ան կ՛ըսէ, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը անհնար է, այնքան ատեն, որ Հայաստանը դուրս չէ բերած իր զօրքերը Լեռնային Ղարաբաղէն», յայտնած է Թուրքմէն:
Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը աւելի բարդ է, քան կիպրական հիմնախնդիրը:
«Ինծի կը թուի, որ մօտ ապագային Անգարան պիտի չկարենայ կարգաւորել Երեւանի հետ իր յարաբերութիւնները եւ պիտի կորսնցնէ այն հնարաւորութիւնը, որ իրեն ընձեռուած էր Կիւլի Երեւան կատարած այցէն ետք», նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին ղեկավարը: