ՍԱՆ ՖԵՐՆԱՆՏՕ ՀՈՎԻՏ.- Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ տարիներու գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած է, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տեղւոյն Կեդրոնական կոմիտէութեան դաստիարակչական յանձնախումբը, այնպէս կազմակերպէ իր աշխատանքը, որ կուսակցութեան շարքերը անցնելու դիմում ներկայացնողներու նախապատրաստական աշխատանքները աւարտին Հայաստանի անկախութեան տօնին նախորդող օրերուն, եւ անոնց մուտքը պաշտօնականացնող երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը կատարուի նոյն Անկախութեան տօնին առթիւ կազմակերպուած խրախճանքէն անմիջապէս առաջ:
Այս տարի ալ այդ աւանդութիւնը կենսագործուեցաւ ու քսանմէկ հայորդիներ, ամիսներու նախապատրաստական, դաստիարակչական ծրագրի մը բովէն անցնելով՝ անցեալ Շաբաթ օր տուին իրենց երդումը ու միացան Հայաստանի անկախութեան ամրապնդամն եւ հայ ժողովուրդի ազգային իղձերու իրագործման նուիրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն:
Նորագիրներուն երդումը առաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շրջանիս վաստակաւոր անդամներէն Բաբգէն Սասունի, որ օրուան խորհուրդը բացատրելու համար դիմեց Նիկոլ Աղբալեանի մտքերուն՝ անգամ մը եւս ապացուցելով անոնց անժամանցելիութիւնը:
Արդարեւ, յայտնի մտաւորական եւ դաշնակցական գործիչ Նիկոլ Աղբալեանի «Մտածումներ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Մասին» աշխատասիրութենէն քաղուած միտքերով առաջնորդուած՝ Սասունի փոխանցեց հետեւեալը.
«Հոս հաւաքուած ենք պատասխանատու քայլ մը առնելու համար: Թեկնածուները՝ կատարելու իրենց երդումը, Դաշնակցութեան ճամբով ծառայելու հայ ժողովուրդի Դատին, իսկ ես՝ իբրեւ կնքահայր, գրեթէ 120ամեայ մեր կազմակերպութեան անունով՝ ընդունելու անոնց ուխտը:
Ձեր երդումը տալով, դուք յանձնառու պիտի դառնաք հետեւեալ գլխաւոր պահանջները միաժամանակ բաւարարելու:
– Ընդունիլ Դաշնակցութեան ծրագիրն ու գործելակերպը.
– Ենթարկուիլ կուսակցութեան կանոնագրին ու որոշումներուն.
– Ամէն ջանք թափել՝ իրականացնելու համար ծրագիրն ու որոշումները.
Թեկնածուները առիթը ունեցած են ծանօթանալու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան՝ անոր պատմութեան, ծրագրին, կանոնագրին ու որոշումներուն ընդմէջէն: Կրնա՞նք ըսել արդեօք, որ անոնք այս ամէնը լիովին մարսած են: Չեմ կարծեր: Եւ չեմ ալ խորհիր, որ անհրաժեշտ է: Դաշնակցութիւնը շարունակական դաստիարակութեան լսարան մըն է, ուր ամէնքս, մեր մուտք գործած օրէն սկսած, աւելի ու աւելի խորապէս ծանօթացած ենք անոր:
Նորագիր թեկնածուները ի սկզբանէ պէտք է հաշտուին այն մտքին հետ, թէ անոնք կը մտնեն կազմակերպութեան մը մէջ, առանց որեւէ նիւթական բարիք սպասելու: Դաշնակցութիւնը չարքաշութեան եւ զոհողութեան հրաւէր կը կարդայ իր անդամներուն, եւ ո՛չ՝ բարեկեցիկ կեանքի: Ան կը կրթէ իր անդամները գաղափարի համար զոհուելու: Այս է, որ կը կոփէ հոգիները եւ կը դարբնէ կամքերը՝ կուսակցութիւնը դարձնելով ազգային եւ մարդկային ազնուացման հնոց:
Դաշնակցութեան մէջ մուտք, կը նշանակէ գիտակից յանձնառութիւն՝ ծառայելու հայ ժողովուրդի ազատագրութեան դատին եւ անոր հաւաքական նպատակներուն, ինչպէս սահմանուած է մեր ծրագիրին մէջ: Կը նշանակէ հաւա՛տք առ այդ նպատակները, եւ հաւատք թէ՝ իրագործելի են անոնք: Այս ամբողջական նուիրումի յանձնառութիւնը այն տոմսն է, որ նորագիրին իրաւունք կու տայ Դաշնակցութեան շէնքը մտնելու, մտնելու հաւատաւոր եւ յանձնառու մեծ ընտանիքի մը մէջ:
Դառնալու համահաւասար, նոյնիրաւ ընկերը՝ այս բառի բարոյական բովանդակ առումով, տարիներու վաստակ ունեցող միւս կուսակցականներուն: Այս յանձնառութեան կատարման չափով միայն թեկնածուն տեղ կը գրաւէ կուսակցութեան մէջ եւ կը դառնայ անոր յենարանը:
Համեստագոյն անդամի ձայնը մեր կուսակցութեան մէջ աւելի կշիռ ունի քան մեծատաղանդ համակիր մարդուն կարծիքը: Մեր ընկերը մեր լծակիցն է: Համակիրը՝ ազատ է լուծէն:
Դաշնակցութիւնը մենատիրական չէ, այլ ժողովրդավարական սկզբունքներով կ՛առաջնորդուի: Այսինքն, այնտեղ չի կրնար իշխել ոեւէ անհատի մը կամքը, որքան ալ այդ անձը ըլլայ տաղանդաւոր եւ անձնուէր: Դաշնակցականը պարտաւոր է որոշումներու ենթարկուելու եւ ո՛չ թէ կարծիքներու հետեւելու: Ան պարտաւոր է ժողովական վճիռներ իրագործելու եւ ո՛չ թէ իր կամ ուրիշին կամքը կատարելու: Այս կը պահանջէ իր «ես»ը ենթարկել հաւաքական «մենք»ին:
Երդման արարողութիւնը առիթ մըն է, որ մենք՝ բոլոր երդուեալ դաշնակցականներս, անգամ մը եւս վերանորոգենք մեր ուխտը, ձեզի՝ նորագիրներուդ յայտարարելով մեր հաւատքը, որ մեր ծրագիրը իրագործելի հեռապատկեր մըն է: Միաժամանակ, կը գօտեպնդուինք այն իրողութեամբ, թէ՝ նորագիրներ կը բաժնեն մեր համոզումները եւ կու գան լծակից դառնալու մեզի, վերցնելու ծանր բայց քաղցր բեռ մը:
Դաշնակցականին ուժականութիւնը գլխաւորաբար կու գայ վեհ նպատակի մը ծառայելու իր համոզումէն: Անոր համար թելադրող ուժ է նաեւ նահատակ ընկերներու թանկագին յիշատակը, Գէորգ Չաւուշէն, Հրայր Դժոխքէն մինչեւ մերօրեայ նահատակները, որոնց հոգին վստահաբար այս պահուն այս սրահին մէջ է, եւ անմար կը հսկէ մեզի:
Երդումը նաեւ դրօշի մը, ջահի մը փոխանցումն է՝ մէկ սերունդէն միւսը: Իմ երդմանս կնքահայրը եղած է Ռուբէն Տէր Մինասեանը, Ռուբէն Փաշա՝ ոմանց համար, որ կրակէ շապիկը հագուելով՝ «Ազատութիւն կամ Մահ» դրօշին տակ անցած էր Տարօն, լծուելու յեղափոխական «Սուրբ գործ»ին: Այսօր ինծի կը վիճակուի ձեզի փոխանցելու այն ջահը, զոր իմ երդմանս ինծի յանձնած էր Ռուբէն, 63 տարիներ առաջ»:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան յանուն շրջանի կազմակերպութեան ողջունեց նորեկները եւ անոնց փոխանցեց իր պատգամը:
Իզմիրլեան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը նուիրուած է հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին, Հայաստանի անկախութեան, բարգաւաճման, հայ համայնքներու կազմակերպման, անոնց անվտանգութեան ու ապահովութեան գործին: Իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին, Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդին ծառայելու իր կոչման հաւատարիմ, իր անդամներու զոհաբերութեան ու նուիրումի ճամբով կերտած է փառաւոր պատմութիւն մը, որ ինքնին դարձած է ներշնչման աղբիւր՝ նոր զինուորագրեալներու համար:
«Դուք ալ ձեր կարգին, մտնելով Դաշնակցութեան շարքերը՝ մեր ազգային պահանջատիրական շարժումին նուիրուելու յանձնառութեան տակն է, որ կը մտնէք. յանձնառութիւն մը, որ ձեզմէ առաջ եկողները պատիւով ու փառքով կատարած են եւ ձեզ թողած հրաշալի աւանդ մը:
Նոր ժամանակները նոր մարտահրաւէրներու առջեւ դրած են մեզ: Մեզի համար նուիրական գաղափարներ, սկսեալ պահանջատիրական շարժումէն, մինչեւ Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունք, այսօր սակարկութեան սեղանի դրուած են: Դուք պիտի միանաք սկզբունքներով ու գաղափարներով ղեկավարուող կուսակցութեան մը շարքերուն, որ այսօր կուրծք կու տայ մեր ազգի ապագայի հաշւոյն անտեղի զիջումներ կատարելու ամէն փորձի՝ իր կարելին կատարելով ձախողեցնելու այդ փորձերը:
Երդման արարողութեան այս պահը իր խորհուրդը ունի մեզի՝ ներկայ դաշնակցականներուս համար, որովհետեւ ձեր երդման հետ, մենք ալ կը վերանորոգենք մեր ծառայելու ուխտը, այս մեծ կուսակցութեան ճամբով մեր ազգային երազները իրականացնելու գործին յաւելեալ թափ տալու մեր խոստումը», իր խօսքը եզրափակելով՝ յայտնեց Իզմիրլեան:
Նորագիրներուն ողջոյնի խօսք փոխանցեց նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը: