ԿԱՊԱՆ, «Ազատութիւն Ձայնասփիւռ».- Երկօրեայ աշխատանքային այցով, Մայիս 18էն 20 Սիւնիք կը գտնուէր Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչը: Սիսիանի, Գորիսի եւ Կապանի քաղաքապետերու հետ հանդիպման ընթացքին դեսպանը ծանօթացաւ առկայ ընկերատնտեսական իրավիճակին ու քննեց մարզին մէջ իրականացուող Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան օժանդակութեան ծրագիրները:
Սիւնիքի մարզային կեդրոնին մէջ դեսպանը այցելեց Ամերիկեան անկիւնը, որ կը գործէ մարզային գրադարանին մէջ, նաեւ հանդիպում ունեցաւ գործարար կիներու հետ եւ այցելեց Սիւնիքի մարզի քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման կեդրոն: Դեսպանը այցելութեան արդիւնքները ամփոփեց Ամերիկեան անկիւնին մէջ լրագրողներուն հետ կայացած ճեպազրոյցին ընթացքին:
Դեսպանի բոլոր հանդիպումներն ու առանձնազրոյցները անցան փակ դռներու ետին:
«Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնադրամի բաղադրիչներէն մէկը սառեցուած է, որուն հետեւանքով գիւղական ճանապարհներու նորոգութիւնը չէ իրականացած: Այս մասին հարցումին պատասխանելով՝ դեսպանը մասնաւորապէս նշեց, որ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ»ը ծրագիր մըն է, որ ունի որոշակի պայմաններ, որոնց գործադրութիւնը պարտադիր է մասնակից բոլոր երկիրներուն համար:
«Կան երեք առանձին ցուցանիշներ, որոնց համապատասխանութիւնը պիտի ապահովուի. չափանիշներից մէկը արդարացի կառավարումն է: Արդարացի կառավարման ցուցանիշների մասով Հայաստանը չի համապատասխանում, ուստի սրա հետ կապուած Միացեալ Նահանգներում մտահոգութուններ կան», ըսաւ Եովանովիչ:
Դեսպանի համաձայն, «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագրին տնօրէններու խորհուրդը Յունիսի կէսին հարցը պիտի քննէ: Հակառակ ճանապարհներու վերակառուցման աշխատանքներու կասեցման, ոռոգման համակարգի, ջրանցքներու վերականգնման ու այլ մարզերու մէջ աշխատանքները կը շարունակուին, աւելցուց դեսպանը: