ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Իւրաքանչիւր մարդկային էակի դէմ գործուած յանցագործութիւն, թեթեւ թէ ծանր, ցաւ կը պատճառէ մեզի:
Ցաւ կը պատճառէ մեզի նաեւ իւրաքանչիւր հայ մարդու դէմ գործուած յանցագործութիւն՝ թեթեւ թէ ծանր, Հայաստանի մէջ, թէ աշխարհի որեւէ վայրի մէջ:
Ցաւով եւ խոր մտահոգութեամբ հետեւեցանք ամերիկահայ գործարար Նազարէթ Պէրպէրեանի անհետացման լուրերուն եւ յոյսով սպասեցինք, որ ան ողջ ու առողջ պիտի վերադառնայ իր ընտանիքին:
Դժբախտաբար այսօր կը տեղեկագրենք անոր սպանութեան մասին, անոր դիակի յայտնաբերման մասին, որ բացի ցաւէն, մեզի կը պատճառէ խոր մտահոգութիւն՝ քանի մը տեսակէտէ մղուած:
Այո՛, Հայաստան, ուրիշ երկիրներու նման, յանցագործութիւններու իր բաժինը ունի եւ ամէն օր մեր հայրենիքին մէջ կը պատահին ոճիրներ, որոնց հեղինակները յայտնաբերելու համար ոստիկանութիւնը, վստահ ենք, որ իր կարելին կ՛ընէ:
Պէրպէրեանի սպանութիւնը մեզի յաւելեալ ցաւ ու մտահոգութիւն կը պատճառէ, որովհետեւ այդ արարքը անպայմանօրէն իր վնասակար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ ներդրումները խրախուսելու ճիգերուն վրայ: Հայաստանի իշխանութիւնները օր ու գիշեր կը ջանան համոզել աշխարհին, որ մեր երկիրը հոյակապ հնարաւորութիւններ կը պարգեւէ այնտեղ իրենց գումարները ներդնել փափաքողներուն՝ հայ թէ օտար:
Ներդնողին համար ամէնէն կարեւորը իր կեանքի ապահովութիւնն է, անշուշտ: Պէրպէրեանի անյայտ պայմաններու տակ սպանութիւնը ծանր հարուած է այդ ներդրումներու խրախուսման բոլոր ճիգերուն: Ներդնողի անպաշտպան ըլլալու զգացողութեան յառաջացուցած բարոյալքման աստիճանը կարելի չէ թերագնահատել: Հայաստանի իշխանութիւնները պարտին ժամ առաջ յայտնաբերել ոճրագործները եւ զանոնք յանձնել դատարան: Նաեւ, այս ոճիրին հետ կապուած հաւաստի տեղեկութիւններ պէտք է հրապարակուին՝ ապահովելով անոնց լայն տարածումը:
Մենք մեր կարելին կ՛ընենք ճշգրիտ լուրերու լայնագոյն տարածումը ապահովելու համար: