Իւրաքանչիւր օր իր դժուարութիւններով եւ պարտականութիւններով կրնայ մեր խանդավառութիւնը նուազեցնել: Եթէ կիրառենք մեր խանդավառութիւնը, դրական մօտեցումը եւ արդիւնաբերութիւնը, ապա անոնք կրնան ամբողջութեամբ մեր կեանքը բարելաւել: Ինչպէ՞ս կարելի է գործնականացնել:
1- Ցանկագրում: Առաւօտեան ձեր ժամերուն անպայման պատրաստեցէք ձեր կատարելիքներուն ցանկը: Նախաճաշէն առաջ իսկ տեղադրեցէք հաճելի »պարտականութիւն« մը: Գործնական ըլլալու համար իւրաքանչիւր օրուան համար 10 ընելիքներէ աւելի մի՛ գրէք ցուցակի վրայ:
2- Կրծքավանդակի հարուած: Այս մէկը կրնայ տարօրինակ թուիլ, բայց շատ հետաքրքրական է: Առաջին հերթին այս մէկը երբ կարդացի, Թարզընը եւ անոր անտառային առեղծուածային ուժը յիշեցի: Ուրեմն, որպէսզի կայտառացնենք մեր մարմինը եւ զօրացնենք դիմադրողականութիւնը՝ ընդդէմ յոգնութեան եւ գրասենեակային աշխատանքներէ ծնունդ առած բորբոքումներու, եւ մանաւանդ մարմինը հաւասարակշռելու համար, կարիքը ունինք օրական գոնէ երեք անգամ խորունկ շունչ քաշած ատեն կրծքավանդակը բռունցքով հարուածելու: Անտառի Թարզընը յիշեցէք… Այս մէկը կ՛աշխուժացնէ հոն գտնուող գեղձերէն մէկը (Thymus gland):
3- Եոկայի ձեւերուն դիմեցէք: Այս պարագային, օրական 20 վայրկեանը կրնայ մեծ նպաստ ունենալ մեր խաղաղութեան եւ հանգստութեան վրայ: Յատկապէս անոնք, որոնք ծանօթ են »քոպրա« ձեւին, կրնան զայն կիրառել տան մէջ եւ իրենց մարմինը հանգստացնել գերլարուածութեան չարիքներէն:
4- Փոքր պատառներ պատրաստեցէք: Առաւօտեան ճաշամանը պատրաստած միջոցին անպայման ձեր պատառիկներուն համար նկատի առէք նուշը (1/2 գաւաթ), չոր ծիրանը (կայտառ կը դարձնէ ուղեղն ու մկանները) եւ ընկոյզը (սիրտը կրնայ պաշտպանել, երբ ատրէնալինը կը հարուածէ սրտին ու անոր անօթներուն):
5- Կանաչ գոյնը: Աչքի զգայարանները շատ զգայուն են բաց գոյներու նկատմամբ: Այս իմաստով, բաց գոյնի կանաչը կը խանդավառէ ուղեղը ու անոր աշխատանքը կը զարգացնէ:
6- Հետաքրքրական է իմանալ, որ անանուխի ձէթը կրնայ ուղեղին հասկացողութեան մակարդակը զարգացնել: Յասմիկը կ՛աւելցնէ զգաստ վիճակը, լաւանտըրը կը նուազեցնէ ներկայացումներէ եւ ելոյթներէ առաջ ստեղծուած բեմական յուզումը, իսկ լիմոնը թթուածինով կը հարստացնէ ուղեղը, որ բաւարար հանգիստ ու խաղաղ քուն չէ ստացած:
7- Յաճախակի ելեկտրոնական նամականիի ստուգումը կը խանգարէ կեդրոնացումը: Որոշ ժամեր յատկացուցէք անոր:
8- Պարտականութիւններու ցուցակդ կրնաս գործընկերներուդ հետ բաժնել, որպէսզի իրենք ալ, իրենց կարգին, տեղեակ ըլլան առնուելիք որոշումին մասին:
9- »Օմէկա 3« իւղոտ թթուն (Omega 3 fatty acid) անպայման օգտագործեցէք: Անիկա ուղեղը արթուն կը պահէ, սորվելու ունակութիւնը կը զարգացնէ եւ կը պայքարի գերճնշուածութեան դէմ:
10- Մտքով յաճախ արտասանեցէք դրական, մաքուր ու խանդավառող նախադասութիւններ: Հաւատացէք ձեր ըսածին ու ամբողջ հոգիով աշխատեցէք անոր յաջողութեան համար:
————————————————————————————————
Սօթէ Հալիպութ Ձուկը Աղցանով
Անհրաժեշտ է արագ ընթրիք մը պատրաստել: Այս պարագային, ամէնէն օգտակարը ձուկն է, զոր կրնանք պատրաստել միաժամանակ արագ եւ գոհացուցիչ համով:
Բաղադրութիւն
Ա) Աղցան (salad)
2 ա. դգալ ձիթաիւղ (olive oil)
1 ա. դգալ կարմիր գինիի քացախ (red wine vinegar)
2 ա. դգալ մանրուած shallot
1/4 թ. դգալ աղ
1/4 թ. դգալ նոր աղացած սեւ պղպեղ
1/2 հատ պզտիկ կարմիր սոխ՝ բարակ ջարդուած
3 գաւաթ փոքր շոմին (spinach)
Բ) Գետնախնձոր (potato)
1 բաունտ փոքր չափի կարմիր գետնախնձոր՝ կիսուած կամ չորս մասի բաժնուած
1 գաւաթ հաւու ոսկորի ջուր (chicken broth)
Գ) Ձուկը (Halibut Steak)
2 ա. դգալ ձիթաիւղ (olive oil)
1.5 բաունտ Հալիպութ ձուկի ֆիլէ (1.5 ինչի հաստութեամբ եւ չորս մասի բաժնուած)
1 թ. դգալ աղ
1/4 թ. դգալ նոր աղացած սեւ պղպեղ
1/2 գաւաթ ճերմակ գինի
2 թ. դգալ առանց աղի կարագ
Պատրաստութիւն
1- Աղցան: Խորունկ ամանի մը մէջ զարկէք ձէթը, քացախը, shallot-ը, աղը, սեւ պղպեղը: Ուրիշ Աւելի բաց եւ նուազ խորունկ ամանի մը մէջ դրէք շոմինը եւ վրան տարածեցէք սոխը: Պատրաստուած թացանը (dressing) պարպեցէք շոմինին վրայ, բայց մի խառնէք:
2- Գետնախնձոր: Կաթսայի մը մէջ դրէք հաւու ջուրը եւ կիսուած գետնախնձորները: Կրակին վրայ դրէք մինչեւ եռալը, ապա միջակ կրակի վրայ պահեցէք մօտաւորապէս 10 վայրկեան՝ բերանը գոց վիճակի մէջ: Ստուգեցէ՛ք 10 վայրկեան վերջ եթէ եփած են գետնախնձորները. ապա անմիջապէս ջուրը պարպեցէք ու մէկ կողմ դրէք՝ բերանը գոց, որպէսզի չպաղի:
3- Ձուկը: Ձէթը տաքցուցէք տապակի մը մէջ միջակ ջերմութեամբ: Տաքնալէն ետք Հալիպութ ֆիլէները աւելցուցէք եւ իւրաքանչիւր երես մօտաւորպէս 4-5 վայրկեան խարկեցէք, մինչեւ ոսկեգոյն դառնալը: Ֆիլէները մէկ կողմ դրէք եւ տապակին մէջ դրէք գինին ու կրակին վրայ պահեցէք մինչեւ եռալը: Քիչ մը եռալէն ու պակսելէն ետք, կրակէն վար առէք տապակը ու անոր մէջ դրէք կարագը ու խառնեցէք մինչեւ հալիլը:
4- Գետնախնձորի շերտերը զետեղեցէք ամաններու վրայ ապա դրէք ձուկի կտորները եւ պատրաստուած թացանը վրան պարպեցէք: Վերջաւորութեան պատրաստուած աղցանը խառնեցէք ու հիւրասիրեցէք ձուկին ու գետնախնձորին հետ: Բարի ախորժակ…