ՊԵՐԼԻՆ, «Համահայկական Լրատու Ցանց».- Պերլինի միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսի (ITB) կայքին վրայ տեղադրուած է Արցախեան էջ՝ http://www.virtualmarket.itb-berlin.de:
Նոր կայքէջը կը ներառէ տեղեկատուութիւն Լեռնային Ղարաբաղի տեսարժան վայրերուն, պատմա-ճարտարապետական յուշարձաններուն եւ հոգեւոր արժէքներուն մասին:
Նշենք, որ 2009ի Մարտին Պերլինի մէջ կայացած Միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը ներկայացած էր առանձին տաղաւարով, ինչ որ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր այցելուներուն մօտ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.