ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Ցեղասպանութեան եզրի գործածութեան խուսափումէն երկու շաբաթ ետք, Օպամայի վարչակազմը Մայիս 7ին արձանագրեց իր երկրորդ խոստմնադրժումը: Կարելի չէ տարբեր որակում տալ Սպիտակ տան 2010 տարեշրջանի առաջադրուած ամավարկին մէջ Հայաստանի համար ամերիկեան տնտեսական օժանդակութեան անհամեմատ կրճատումին, որովհետեւ, թէ՛ իբրեւ թեկնածու եւ թէ՛ իբրեւ ընտրուած նախագահ, Պարաք Օպամա քանիցս խոստացաւ հիմնական յաւելումի ենթարկել Հայաստանին տրամադրուող նիւթական աջակցութիւնը:
Թիւերը բաւական խօսուն են՝ հաստատելու համար Օպամայական խոստումի այս նոր դրժումը:
Առաջին՝ առաջադրուած ամավարկին մէջ միջազգային աջակցութեանց ընդհանուր գումարը կը կրէ 9 տոկոս յաւելում՝ բաղդատած 2009 թուականի հաստատուած ամավարկին: Հետեւաբար, անբացատրելի է Հայաստանի օժանդակութեան գծով 38 տոկոսի կրճատումը: Սակայն Հայաստանի մօտ ԱՄՆի դեսպան Մարի Եովանովիչը ճարտարութիւնը հնարած է ապացուցելու, թէ Հայաստանին համար առաջադրուած գալիք տարուան 30 միլիոն տոլար օժանդակութիւնը իրականութեան մէջ 6 միլիոն տոլար յաւելում կրած է՝ բաղդատած անցեալ տարուան Պուշի առաջադրած 24 միլիոն տոլարին:
Անշուշտ տիկ. Եովանովիչ ու Սպիտակ տան իր խորհրդատուները դիտմամբ կ՛անգիտանան, թէ հակառակ Ճորճ Պուշի կրճատումին, Քոնկրէսը՝ շնորհիւ ամերիկահայութեան ջանքերուն, 100 տոկոս յաւելում կատարեց, այսինքն՝ կրկնապատկեց Պուշի վարչակազմի առաջարկը՝ 2009ի համար Հայաստանի օժանդակութեան գումարը վերածելով 48 միլիոն տոլարի: Տիկ. Եովանովիչ պէտք է նկատի ունենար Քոնկրէսի հաստատած ա՛յս գումարը, ուր յստակ կը դառնայ, թէ Օպամայի վարչակազմին առաջադրած 30 միլիոն տոլարը 38 տոկոս նուազ է 48 միլիոն տոլարէն:
Երկրորդ՝ Եւրասիա, Եւրոպա, Հարաւային եւ Կեդրոնական Ասիա բաժանմունքի մէջ Ամերիկեան օժանդակութեան յատկացումը կատարուած է 18 երկիրներու, ներառեալ՝ Հայաստանի: Այս 18 երկիրներէն 14ին համար յաւելումներ կը կատարէ Սպիտակ տան առաջադրած ամավարկը: Այսպէս, Ալպանիոյ համար 27 տոկոս յաւելում, Ատրպէյճանի՝ 20 տոկոս, Պելոռուսի՝ 30 տոկոս, Պոսնիա-Հերցոկովինայի՝ 31 տոկոս, Վրաստանի՝ 19 տոկոս, Ղրղզստանի՝ 70 տոկոս, Մակեդոնիոյ՝ 21 տոկոս, Մոլտովայի՝ 40 տոկոս, Մոնթենէկրոյի՝ 29 տոկոս, Սերպիոյ՝ 10 տոկոս, Տաճիկիստանի՝ 84 տոկոս, Թիւրքմէնիստանի՝ 86 տոկոս, Ուքրանիոյ՝ 26 տոկոս եւ Իւզպէքիստանի՝ 18 տոկոս:
Բաւական ցայտուն են այս թիւերը: Սակայն անոնք աւելի պերճախօս կը դառնան, երբ նկատի ունենանք յատկացումի կրճատումը մնացեալ չորս երկիրներուն համար: Այսպէս, Ռուսիոյ համար յատկացումը կրճատուած է 7 տոկոսով, Քոսովոյի՝ 17 տոկոսով, Ղազախստանի՝ 23 տոկոսով, եւ վերջապէս Հայաստանի՝ 38 տոկոսով:
Այլ խօսքով, այս տարածքային բաժանմունքի երկիրներուն մէջ միայն չորս երկիրներ օժանդակութեան կրճատումի կ՛ենթարկուին: Իսկ այս չորսին մէջ, Հայաստանի օժանդակութեան կրճատումը կը հանդիսանայ բարձրագոյնը: Կարծէք Սպիտակ տան Ամավարկի գրասենեակը դիտմամբ թիրախի վերածած է Հայաստանը: Նման դիտաւորութիւն հասկնալի կրնայ ըլլալ այն երկիրներու պարագային, որոնք անցնող շրջանին ընդդիմացած են ամերիկեան վարքագծին կամ մերժած են գործակցիլ: Հայաստան նման ընթացքի մէջ չէ եղած: Այլ, ընդհակառակը, զիջումներու գնով ընդառաջած է հայ-թուրք երկխօսութեան ամերիկեան պատուէրներուն, սատարած է ամերիկեան վարքագիծին, ամրապնդած է ժողովրդավարական ընթացակարգն ու դրութիւնը:
Այժմ հարկադրաբար հարց կը դրուի, թէ գէթ ամերիկահայութեան հարցերուն առնչութեամբ, ո՞ւր է Օպամայի վարչակազմին տարբերութիւնը՝ Պուշի վարչակազմէն:
Հարցադրումին պատասխանը որոնելու փոխարէն, ամերիկահայութիւնը արդէն իսկ լծուած է աշխատանքի՝ Քոնկրէսական մակարդակի վրայ, որպէսզի Հայաստանի գծով Սպիտակ տան առաջարկած 30 միլիոն տոլար օժանդակութիւնը ենթարկուի անհրաժեշտ յաւելումներու: Ամավարկային հարցին մէջ վերջին խօսքը Օպամայի վարչակազմին չի պատկանիր: Կատարուածը պարզ առաջադրութիւն մըն է: Շուտով առաջադրուած ամավարկի Հայաստանին վերաբերող բաժինը կը յղուի Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի Արտաքին գործողութեանց յատկացումներու ենթայանձնախումբերուն: Այս մարմինները պիտի վերջնականացնեն 2010 տարեշրջանի ամերիկեան պիւտճէն, որ պիտի հաստատուի Քոնկրէսի լիագումարին:
Ինչպէս անցնող տարիներուն, այս տարի եւս նշեալ ենթայանձնախումբերուն մօտ կը յաջողինք զգալի յաւելումներու ենթարկել Հայաստանի տրամադրուելիք օժանդակութիւնը: Արդէն իսկ մեծ թիւով քոնկրէսականներ յատուկ նամակով դիմած են Ներկայացուցիչներու տան ենթայանձնախումբի նախագահին՝ պահանջելով, որ 2010 թուականի ամավարկին մէջ Հայաստանի համար ամերիկեան օժանդակութեան գումարը ըլլայ առնուազն 70 միլիոն տոլար: Այս գումարը Օպամայի վարչակազմին առաջադրանքը 133 տոկոսով յաւելումի կ՛ենթարկէ, այսինքն՝ զայն աւելի քան կը կրկնապատկէ: