ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Մայիս 13ին, Երեւանի սենակային երաժշտութեան տան մէջ հանրութիւնը վերջին հրաժեշտ տուաւ Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի հիմնադիր եւ գլխաւոր տնօրէն, արուեստաբան Հենրիկ Իգիթեանին:
Արուեստաբանին հրաժեշտ տալու ու հարազատներուն ցաւակցելու եկած էին արուեստի գործիչներ, դերասաններ, գրողներ, քաղաքական գործիչներ: Արարողութեան մասնակցած էին նախագահն ու առաջին տիկինը՝ Սերժ եւ Ռիտա Սարգսեանները, ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը, ԱԺ պատգամաւորներ, պաշտպանութեան նխարար Սէյրան Օհանեանը, Հայաստանի ոստիկանապետ Ալիկ Սարգսեանը, նաեւ քաղաքական ու հասարակական գործիչներ:
Հրաժեշտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեանը, որ հաստատեց, թէ Հենրիկ Իգիթեանը մեծ հետք ձգած է 20րդ դարու հայ կերպարուեստի կայացման ու զարգացման ճամբուն վրայ, որուն համար շատ երկար ժամանակ պիտի յիշուի արուեստաբանը: «Նրա շնորհիւ էր, որ հայրենի կերպարուեստն ազատութեան շունչ առաւ: Նրա գործը մեծ ու անգնահատելի է սերունդների կրթման, արուեստի հանդէպ սիրոյ դաստիարակման առումով», նշեց Կ. Աղամեան:
1932ին ծնած Հենրիկ Իգիթեան հողին յանձնուեցաւ Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ: