Թուրքիոյ վարչապետը Ատրպէյճանի Միլլի Մէճլիսի ամպիոնէն իր հռետորական ամբողջ շնորհը գործածեց համոզելու համար ատրպէյճանցի իր եղբայրներուն, թէ իր երկիրը երբեք, երբեք չի կրնար դաւաճանել Ատրպէյճանի շահերուն, եւ թէ պատրաստ է իր կարելին ընելու՝ դուրս բերելու համար «հայկական բռնագրաւող ուժերը» «ատրպեճանական տարածքներէն»:
«Մենք ձեր եօթանասուն միլիոն եղբայրներուն ողջոյններն ու սէրը բերած ենք մեզի հետ: Ողջոյններ Անգարայէն Պաքուին, Իսթանպուլէն Լաչինին, Պուրսայէն Շիրվանին, Իզմիրէն Աղտաշին: Թուրք եւ ազերի ժողովուրդներուն միջեւ եղբայրութիւնն ու զօրակցութիւնը յարատեւած են լաւ թէ վատ օրերուն, խաղաղութեան թէ պատերազմի ժամանակներուն: Մենք միասին ուրախացած, միասին սգացած, միասին կռուած ենք, երբ անհրաժեշտութիւն ծագած է: Մեր կապերը ամուր եղած են: Մեր լեզուները, սովորութիւններն ու մշակոյթը մօտ են իրարու: Ամբողջ պատմութեան ընթացքին մենք լսած ենք նոյնանման հէքիաթներ, հասակ նետած ենք նոյնանման երգեր ունկնդրելով, նոյնանման պարեր կատարելով: Ինչպէս Աթաթուրքը ըսած է պոլշեւիկեան բռնագրաւման ատեն՝ 1920ին, մենք կը կիսենք Ատրպէյճանի վիշտն ու երջանկութիւնը: Ես կ՛ուզեմ այսրտեղ նշել, որ Ատրպէյճանի պետութեան հիմնադիր Մոհամմէտ Ամին Ռասուլզատէն թաղուած է Անգարայի մէջ», յայտարարեց Էրտողան՝ ցրուելու համար ատրպէյճանցի խորհդարանականներուն ու քաղաքագէտներուն կասկածի նշոյլներն իսկ՝ Թուրքիոյ հաւատարիմ դաշնակից ըլլալուն մասին:
Աւելի՛ն.
Էրտողան, ըստ ատրպեճանական աղբիւրներու, բարեկամութեան եւ եղբայրութեան թեմաները շօշափող բանաստեղծութիւններէ մէջբերումներ կատարած է իր ելոյթին մէջ՝ արտասանելով ազերի բանաստեղծ Պախթիար Վահապզատէի եւ թուրք բանաստեղծ Եավուզ Պուլէնտ Պաքիլարի գործերէն կտորներ:
Աշխարհի վրայ չկան այլ երկու երկիրներ, որոնց միջեւ յարաբերութիւնները կրնան նմանիլ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններուն, յայտարարեց Էրտողան՝ վկայակոչելով Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի «Մէկ ազգ երկու պետութիւն» բանաձեւումը:
Նոյն բանաձեւին ոգիով, Էրտողան իր ելոյթը փակեց Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ քայլերգներուն տողերը միաձուլելով:
Ալիեւ տպաւորուած ու համոզուած կը թուի ըլլալ Էրտողանի հաւաստիացումներով: Ատրպէյճանի Միլլի Մէճլիսն ալ վստահաբար պիտի կիսէ իր նախագահին տպաւորութիւնը:
Մենք ալ շատ հիմքեր չունինք կասկածելու ատրպեճանական-թրքական դաշինքի ամրութեան ու փոխադարձ շահեր պաշտպանելու անոնց վճռականութեան վրայ: Պարզապէս կը փորձենք հասկնալ, թէ այս նախապայմանով ճամբայ ելած թրքական դիւանագիտութեան աննախընթաց այս անկեղծութիւնն ու թափանցիկութիւնը ինչպէ՛ս պիտի գնահատուի մեր դիւանագիտութեան կողմէ: Արդեօ՞ք տակաւին մեր դիւանագիտութիւնը ղեկավարողներուն մտքին մէջ կասկածի նշոյլ մը կայ, թէ Թուրքիա կրնայ սահմանները բանալ, կամ կրնա՞յ հայ դիւանագէտը տակաւին երրկողմանի խօսակցութիւնները որակել իբրեւ «առանց նախապայմանի» վարուող բանակցութիւններ:
Չեմ կարծեր: