ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ամերիկեան նշանաւոր «Սի.Էն.Էն.» լրատուական կայանի սեփականատէր եւ հիմնադիր Թէտ Թըրնըր, որ «Ռոպերթ» քոլէճին մէջ մասնակցեցաւ թուրք յայտնի յօդուածագիր Մէհմէտ Ալի Պիրանտի հանդիսավարութեամբ եւ քոլէճի ուսանողներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած հանդիպման մը, հետաքրքրական պատասխան մը տուաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն առնչութեամբ իրեն ուղղեալ հարցումի մը։
Թըրնըր նախ ըսաւ, որ ինք այնքան ալ ծանօթ չէ այս նիւթին, յետոյ սակայն իր տեսակէտը պարզեց «սիրահարներ»ու օրինակով մը։ Ան իրեն հարցում ուղղած ուսանողին հարցուց, թէ ի՞նչ կ՛ընէ վշտացած սիրահարին հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու համար։ «Նուէր մը կու տամ անոր», եղաւ ուսանողին պատասխանը։ Թըրնըր իր կարգին ըսաւ. «Այն ատեն, Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար, նուէր մը տուէք այդ երկրին։ Ապա անոնք ալ ձեզի նուէր մը կու տան ու յարաբերութիւնները բնականոն կը դառնան»։