ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս նախապէս արձագանգած էինք, Վանի Կէվաշ գաւառակի Այտընօճաք գիւղին մէջ նախակրթարանի մը շինութեան ընթացքին հողին տակէն դուրս բերուած էին մարդկային աճիւններ ու գանկեր։ Այնուհետեւ, տեղացի գիւղացիներ հաստատած էին, թէ հողամասը հայոց հին գերեզմանատուն մըն էր, որմէ ետք շինարարական աշխատանքները կանգ առած էին:
Վանի կրթական հարցերու տնօրէն Եահիա Եըլտըզ գիւղը այցելելով քննութիւններ կատարած է, ապա յայտարարած, թէ իրենք վճռած են այլ վայրի մը մէջ կառուցել նոր դպրոցը, որ ի վիճակի պիտի ըլլայ ընդունելու 400 աշակերտ: «Մշակութային արժէքներու նկատմամբ յարգանք ունինք, ուստի հիմա նոր տեղ մը կը փնտռենք, գիւղացիները տեղ մը պիտի տան մեզի», ըսած է կրթական հարցերու տնօրէնը: