ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Շաբաթ, Մայիս 9ի ուշ երեկոյեան, բարեկամներով կը դիտէինք Հայաստանի Հանրային կայանը (Հ1), Կլէնտէյլի մէջ:
Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի աւարտականը իրարու դէմ հանած էր «Բանանց»ն ու «Փիւնիկ»ը եւ ուրեմն, Հ1ը կը սփռէր խաղը: Մրցումէն ետք, սկսաւ «Շաբաթ երեկոյ» անունով յայտագիր մը, զոր կը վարէր յայտնի կատակերգակ դերասան Աշոտ Ղազարեան: Տրուած ըլլալով, որ այդ երեկոն կը զուգադիպէր Համաշխարհային Բ. պատերազմի եւ Շուշիի ազատագրութեան զոյգ տօներուն, հետեւաբար, Հ1ի մեծ տաղաւարը լեցուցած էին պատերազմի վեթերաններ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բանակի երիտասարդ զինուորներ եւ սպաներ:
Աշոտ Ղազարեան մէջընդմէջ բեմ կը հրաւիրէր զոյգ պատերազմներու մասնակիցներ, որոնք իրենց երբեմն տխուր, երբեմն ալ զուարճալի մանրավէպերով շեշտուած կերպով հայաշունչ մթնոլորտ մը կը փոխանցէին թէ՛ ներկաներուն եւ թէ դիտողներուն:
Ազգայնաշունչ մթնոլորտը ա՛լ աւելի կը ճոխացնէին Լէյլա Սարիբէկեան եւ Արսէն Գրիգորեան՝ օրուան համապատասխան իրենց երգերով: Այնպէս որ, բեմէն սրահ ու սրահէն արբանեակի միջոցով աշխարհի չորս ծագերուն փոխանցուող մթնոլորտը էապէս հայաշունչ էր՝ թէ՛ անեկդոտներով եւ թէ հերոսական դրուագներով, որոնք կը պատմուէին տարեց թէ համեմատաբար երիտասարդ վեթերաններու կողմէ: Այս ձեւով նաեւ, սրահին մէջ ներկայ հայ երիտասարդ բանակայինները ուղղակի հաղորդ կը պահուէին այն փառաւոր ժառանգութենէն, որ իրենց կը փոխանցուէր Աշոտ Ղազարեանի կողմէ բեմ հրաւիրուածներուն կողմէ:
Մէկ խօսքով՝ երգ, պար, անեկդոտ, ուրախ թէ տխուր դրուագներ, բոլորն ալ՝ ազգայնաշունչ եւ հայատրոփ:
Եւ ինչպէս բոլոր յայտագիրները, այս եւս անխուսափելիօրէն պիտի յանգէր իր աւարտին, գագաթնակէտի մը հասնելէ ետք: Սակայն երանի ա՛յս ձեւով չաւարտէր:
Արդարեւ յայտագրի աւարտի գագաթնակէտը ոչ թէ «Զարթիր լաօ»ն էր, ոչ թէ «Լէպլէպիճի Հօր Հօր աղայի երգն» էր, օրինակի համար, կամ նման ոգեշնչող ու մարտաշունչ հայկական երգ մը, այլ՝ օտարալեզու, ռուսերէն երգ մը, երգուած Լէյլա Սարիբէկեանի կողմէ եւ բոլոր հիւրերու մասնակցութեամբ:
Ապշած իրարու երես նայեցանք՝ շոգիի բաղնիքէն երկվայրկեանի մէջ պաղ ջուրի ցնցուղի տակ մտածներու նման:
Երկվայրկեանի մէջ մեր խանդավառութիւնը զերոյի իջած էր: Մեր ականջներուն եւ աչքերուն չէինք հաւատար:
Նման ազգայնաշունչ յայտագիր մը իր գագաթնակէտին պիտի հասնէր ու աւարտէր օտարալեզո՞ւ երգով մը: Մեր ապշանքը զայրոյթի վերածուած էր արդէն, սքանչելի տպաւորութիւնը աւրուած եւ տրամադրութիւնները՝ քանդուած:
Չեմ գիտեր, թէ ո՞վ էր պատասխանատուն եղածին. Աշոտ Ղազարեա՞ն, բեմադրի՞չը, թէ Հ1ի պատասխանատուները իրենց անպատասխանատուութեամբ: Այս պարագային գիտնալս կամ չգիտնալս որեւէ արժէք չունի:
Մէկ բան յստակ էր: Հ1ը կաթը թափած էր եւ «էն էլ ո՜նց»:
Tsavok, paron Broutiani nkaragratse yezaki yerevuit che mer haykakan yeterum. Da Hayastanum shat shatern en nshum….Menk amen or akanates enk nman yerevuitneri.
Mer TV-alikneri makardake shat e enkel, yetere hegheghvats e tsatsr, anmakardak haghordumnerov ev angraget, Hayots lezvin vhtirapetogh haghordavarnerov.
Yes, endhanrapes, ashkhatum em nman hagordumner chditel ev H1-ov ditum em miayn LOURERE, pashtonakan lratvutiane teghekanalu hamar.
Haykakan radion aveli barts makardaki e ev aveli hayrenasirakan e!