«Ասպարէզ»ի այսօրուան թիւով կը գտնէք բաւական ազդու նկար մը՝ Ստեփանակերտէն. Փրակայի բանակցութիւններէն վերադարձած եւ Շուշիի ազատագրութեան տօնը նշելու համար Արցախ ժամանած Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը ծաղիկ կը զետեղէ ազատամարտի նահատակ երեք եղբայրներու գերեզմանին:
Կամօ, Շամօ եւ Գագիկ Սարգսեաններ, ամէնէն մեծը 32 տարեկան, միջնեկը՝ 30, իսկ կրտսերը՝ 24: Մէկ ընտանիքի գերագոյն զոհաբերումը յանուն Արցախի ազատագրութեան:
Նախագահ Սարգսեան խոնարհելով երեք եղբայրներու գերեզմանին դիմաց՝ իր յարգանքը կը յայտնէ անոնց եւ անոնց նման հազարաւոր հայ երիտասարդներուն, որոնք իրենց արիւնով շահեցան արցախցիի ազատ ու ապահով ապրելու, իր ճակատագրի տէրը դառնալու անբեկանելի իրաւունքը:
Նախագահը նոր վերադարձած ըլլալով Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցներուն հետ հանդիպումներէն՝ առիթ ունեցած էր Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին հանգստացնելու, թէ այդ հանդիպումներէն մտահոգուելու պատճառ չկայ:
Ղարաբաղի նախագահին համար պարզուած կը թուին ըլլալ բանակցութեանց շուրջ կուտակուած անորոշութիւններն ու մտահոգութեան ու անհանգստութեան առիթ դարձած թիւր ու թերի տեղեկատուութիւնները: Գոնէ հրապարակաւ, ան այդպէս յայտարարեց:
Մենք ալ կ՛ուզենք հաւատալ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան չի կրնար դաւաճանել հայկական հոյակապ սխրանքը ստեղծողներուն աւանդին ու չի կրնար թոյլ տալ, որ որեւէ գնով խնդրոյ առարկայ դառնայ Կամոյի, Շամոյի ու Գագիկի հարազատներուն ապագան:
Երեք նահատակներուն Արցախի յաւերժութեան սեւեռած աչքերը այդ երաշխիքը կ՛ուզեն ստանալ Հայաստանի նախագահէն: