ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախագահ Օպաման կը շարունակէ նոր յուսախաբութիւններ պատճառել ամերիկահայութեան, որուն մէկ կարեւոր հատուածը աննախընթաց ոգեւորութեամբ մասնակցած էր անոր նախընտրական արշաւին՝ իր ներդրումը բերելով անցեալէն կտրուելու ու վերանորոգուած երկիր մը կառուցելու խոստումներով ճամբայ ելած թեկնածուին յաղթանակին:
Այս սիւնակէն ալ բազմիցս արտայայտուած ենք նորընտիր նախագահէն մեր ակնկալութիւններուն մասին ու շեշտած՝ մեր լաւատեսութիւնը, թէ ան իրապէս պիտի դառնայ մեր յոյսերը կրողը, յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ընդհանրապէս հայկական հարցերու հանդէպ յաւելեալ զգայնութիւն ցուցաբերելու գծով:
Դժբախտաբար, անգամ մը եւս մեր լաւատեսութիւնը սանձողները ճշմարիտ դուրս եկան: Նախագահ Օպաման իր իշխանութեան առաջին իսկ եռամսեակին, նախ՝ Ապրիլ 24ին, եւ հիմա՝ արտասահմանեան երկիրներու օժանդակութեան փաթեթները պատրաստելու այս հանգրուանին, իրեն ընծայուած պատմական առիթները փախցնելով, միացաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահներու այն խումբին, որոնք բարոյական ուժն ու քաղաքական կամքը չէին ունեցած՝ ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը, եւ զուրկ մնացած էին Հայաստանն ու Ատրպէյճանը քաղաքական հաւասարարժէք նժարներու վրայ դնելու հեռատեսութենէն:
Մեր հիասթափութիւնը խորունկ է ու ընդվզումը՝ սաստիկ: Իրապաշտ քաղաքական նախատեսութիւններ չկարենալ կատարելը չէ, որ կը նեղացնէ մեզ, այլ՝ ափսոսանքը այն բանին համար, որ այս անգամ մեր ակնկալութիւնները միս ու մարմին չստացան ոչ թէ մեր թերացումներուն կամ զանցումներուն պատճառով, այլ որովհետեւ մեր սեփական պետութեան ներկայացուցիչները բոլորովին սխալ հաշուարկներով, գուցէ անգիտակցաբար, ծանր հարուած հասցուցին մեր համայնքի քաղաքական վարկին, հեղինակութեան, եւ ձեւախեղեցին տարիներու տքնանքով ստեղծուած պատկերացումը:
Յամենայնդէպս, եթէ յուսահատող տեսակը ըլլայինք, վաղուց դադրած կ՛ըլլայինք հաւաքական ու կազմակերպուած ուժ ըլլալէ: Հիմա այս հաւաքական ու կազմակերպուած ուժին առջեւ դրուած են նոր մարտահրաւէրներ, յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքական բեմին վրայ՝ Ուաշինկթընէն մինչեւ ամէնէն փոքր քաղաքի օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններուն մօտ, որպէսզի ի վերջոյ կարենանք համոզել այս երկրի ղեկավարութիւնը, որ չարհամարհէ մեր ուժն ու ազդեցութիւնը ու յարգէ մեզ տրուած խոստումները:
Նոր մարտահրաւէրները կը պահանջեն նոր պայմաններ, նոր միջոցներ: Հայ Դատի համաժողովրդական հանգանակային թելեթոնը այդ նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու միջոց պիտի ապահովէ: Եթէ խոստումը յարգուած ըլլար, ապա թելեթոնը նոր հորիզոններ նուաճելու մեկնարկ պիտի ըլլար: Խոստումը չէ յարգուած: Պատճառ մը եւս՝ աւելի լարուելու, աւելիին ձգտելու: