ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վաղը տօն է, եռակի տօն՝ Ղարաբաղի համար, եռակի տօն՝ համայն հայ ժողովուրդի համար:
Տօն է Շուշիի ազատագրութեան:
օն է Արցախի բանակի կազմաւորման տարեդարձի:
Տօն է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի յաղթանակին. տօն մը, զոր փառաւորապէս նշելու իրաւունքը հայ ժողովուրդը շահած է ի գին անհաշիւ զոհերու:
Փոքրիկ Հայաստանի թաղամասին մէջ, վաղը, առաւօտեան ժամը տասէն սկսեալ, մենք ալ այս երրեակ տօներուն հետ պիտի նշենք մեր համայնքի կարեւորագոյն իրագործումներէն մէկուն՝ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու, 34րդ փուլի բացումը:
Զուգադիպութեամբ կամ գիտակցութեամբ, կազմակերպողները այս օրը ճշդելով գաղութիս երիտասարդութիւնը խանդավառող, եռամսեայ տենդոտ ժամանակաշրջանով մը զանոնք հայ կեանքին եւ իրարու կապող ձեռնարկներու մեկնարկը՝ խորհրդանշական յաւելեալ իմաստ մը տուած են իրենց ծրագիրին: Յաղթանակի փառաւորման իմաստ:
Արդարեւ, Այս մարզախաղերուն մասնակցող իւրաքանչիւր մարզիկ արդէն յաղթանակած ըլլալու գոհունակութիւնը կրնայ ապրիլ: Յաղթանակած է, որովհետեւ կրցած է պահել իր ազգային դիմագիծը: Յաղթանակած է, որովհետեւ մերժած է միանալ նահանջողներու, թոյլերու ու պարտուողներու խումբին, ու ոչ միայն պահած է իր ազգային դիմագիծը, այլեւ հպարտութեամբ ու ինքնավստահութեամբ կը նայի իր ապագային, եւ իր ազգին, հայրենիքին ու պետականութեան նուաճումներով փառաւորուելու, երջանկանալու ամբողջական գիտակցութիւնը ունի:
Շնորհաւոր ըլլայ տօնդ, Նաւասարդեան մարզիկ:
Շնորհաւոր ըլլայ ձեր տօնը, Նաւասարդեան մարզիկի ծնողներ, կազմակերպիչներ, հանդիսատեսներ, ծափահարողներ:
Շնորհաւոր ըլլայ մեր բոլորին երրեակ տօնը: