Հայց. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի հոգեւորականաց տարեկան համագումարը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 29ին, Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ՝ նախագահութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի: Ներկայ էին թեմի հոգեւոր հովիւներէն 45 հոգի եւ քահանայութեան թեկնածու սարկաւագներ: Ներկայ էր նաեւ Վաչէ արք. Յովսէփեան եւ Մայր աթոռէն Պարթեւ աբղ. Բարսեղեան ու Արամ քհնյ. Միրզոյեան:
Առաջնորդը բարի գալուստ մաղթեց հոգեւորականներուն եւ տուաւ իր պատգամը, որմէ ետք Ֆրեզնոյի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հովիւը՝ Արշէն Ա. քհնյ. Այվազեանը, ներկայացուց «Հայաստանեայց ուղղափառ եկեղեցւոյ Աստուածաշունչի կանոնը» ընդարձակ նիւթը՝ բաղդատական կատարելով հայերէնով եւ անգլերէնով տպուած Ս. գիրքի կարգ մը հրատարակութիւններու: Տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխանի պահ մը:
Ապա հոգեւոր հովիւներ տեղեկութիւններ տուին իրենց ծուխերուն արձանագրած յաջողութիւններուն, ապագայ ծրագիրներուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում եւ կատարուեցան թելադրութիւններ:
Առաջնորդարանի երիտասարդաց վարիչ Աւետիս քհնյ. Աբովեան խօսեցաւ Հայց. եկեղեցւոյ երիտասարդաց կազմակերպութեան ապագայ ձեռնարկներուն մասին եւ պատասխանեց տրուած հարցումներուն:
Առաջնորդը ուրախութեամբ յայտնեց, որ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ կը շարունակուի երիտասարդ քահանաներու ձեռնադրութիւնը, նոր եկեղեցիներ կը կառուցուին եւ կամ կը վերանորոգուին վեհափառ հայրապետին ջանքերով: Ապա հրաւիրեց Պարթեւ աբղ. Բարսեղեանը, որ խօսեցաւ Մայր աթոռի գործունէութեանց մասին: Ան ըսաւ, որ Գէորգեան եւ Վազգէնեան ճեմարաններուն մէջ 180 պատանիներ-երիտասարդներ կ՛ուսանին եւ կը պատրաստուին քահանայութեան: Հայաստանի մէջ կը ծառայեն աւելի քան 170 հոգեւորականներ: Յայտնեց, որ կրօնական բովանդակութեամբ խտասալիկներ (CD) կը պատրաստուին, իսկ «Շողակաթ» հեռատեսիլի ընկերութիւնը օժտուած է նոր շէնքով: Խօսեցաւ նաեւ վերջերս կատարուած հրատարակութիւններուն մասին ու անդրադարձաւ Մայր աթոռին եւ պետութեան յարաբերութեանց:
Ապա Արամ քհնյ. Միրզոյեան եւս շահեկան տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ յայտնելով, թէ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ 63 եկեղեցիներ կառուցուած եւ կամ վերանորոգուած են:
Նկատի ունենալով, որ առաջնորդին տարեկան տեղեկագիրը բաժնուած էր արդէն հոգեւորականներուն, ան հակիրճ տեղեկութիւններ հաղորդեց եւ գնահատեց բոլորին հոգեւոր ծառայութիւնը, օրհնեց զիրենք եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց:
Փակման խօսքը կատարեց Վաչէ արք. Յովսէփեանը: