Ըստ Կ. Ղազինեանի՝ «Քարտէս»ը Կապ Չունի ԼՂի Եւ Ցեղասպանութեան Հետ
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Կարինէ Ղազինեան, երէկ, նախարարութեան մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ հետ ստորագրուած «ճանապարհային քարտէս»ի համաձայնագիրը կապ չունի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացներուն հետ:
Լրագրողները փոխնախարարին մտահոգութիւն յայտնած են՝ ըսելով, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին հայկական կողմի տեղեկութեանց բացակայութեան պատճառով, անոնք ստիպուած իրենց լուրերը կը հիմնեն թրքական աղբիւրներու վրայ, ինչ որ չի կրնար նպաստաւոր ըլլալ հայկական դիւանագիտութեան:
««Արմէնփրէս» գործակալութեանը տուած հարցազրոյցում նախարարն ասել է, որ բանակցութիւնները գնում են փակ ձեւով, եւ եթէ բանակցութիւնների ժամանակ ասւում է մէկ բան, իսկ տեղական լսարանի համար ասւում է մէկ այլ բան, դա իրենց գործն է, բայց մեզ մօտ եւ միջազգային հանրութիւնը ընկալում է այն մօտեցումները, ինչ ձեւով որ պաշտօնական բանակցութիւնները գնում են: Սրանք միայն քննարկումներ են, «ճանապարհային քարտէզ»ը պայմանագիր չէ, «ճանապարհային քարտէզ»ը ոչ ոք չի ստորագրել, դա յայտարարութիւն է եղել «ճանապարհային քարտէզ»ի մասին, որը գործողութիւնների ուղեցոյց է: Դա, ի վերջոյ, հասցնելու է նրան, որ երկրների միջեւ ստեղծուեն բարիդրացիական յարաբերութիւններ, եւ մենք պէտք է աւելի շատ ուշադրութիւն դարձնենք պաշտօնական լուրերին, քան թէ որեւէ լրատուական միջոցի, որը պաշտօնական աղբիւր չի», պատասխանած է Ղազինեան՝ անդրադառնալով լրագրողներու յայտնած մտահոգութեան: Այսուհանդերձ, փոխնախարաը խոստացաւ հետագային աւելի լայնօրէն զեկուցել գործընթացներուն մասին:
Վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի պաշտօնական բարձր ատեաններէ բարձրացուած մտահոգութիւններուն անդրադառնալով՝ Ղազինեան յայտնեց, որ ղարաբաղեան գործընկերներուն հետ թերեւս պէտք էր աւելի սեղմ համագործակցութիւն ծաւալել եւ ժամանակին իրազեկել կատարուածին մասին: Ան աւելցուց, թէ՝ «Հասնենք մի տրամաբանական աւարտի, որին մենք ձգտում ենք բանակցութիւների ընթացքում, ապա այդ ժամանակ հնարաւոր կը լինի աւելի բացել փակագծերը եւ «ճանապարհային քարտէզ»ի բոլոր փակ մնացած կէտերը հասարակայնութեանը ներկայացնել»:
Ըստ փոխնախարարին, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը, ԱՄՆէն վերադարձին, ծրագրած է փակ խորհրդակցութիւններ ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան հետ:
Այսօր, Փրակայի մէջ ընթացող Եւրոպական միութեան եւ Արեւելեան Եւրոպայի վեց երկիրներու՝ Հայաստանի, Վրաստանի, Ատրպէյճանի, Մոլտովայի, Ուքրանիոյ, Պելոռուսի ղեկավարներու գագաթնաժողովին անդրադառնալով՝ Ղազինեան յայտնեց, որ այդ աշխատանքներուն ծիրէն ներս, ինչպէս արդէն նախապէս հրապարակուած է մամուլով, նախագահ Սերժ Սարգսեան պիտի հանդիպի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Փոխնախարարին խօսքով, հաւանական է նաեւ, որ Սարգսեան հանդիպի Թուրքիոյ նախագահ Կիւլին հետ (մամուլով արդէն իսկ հրապարակուած է, որ նման հանդիպում պիտի կայանայ):
Փոխնախարարը նաեւ աւելցուց, որ հանդիպումներու հիմնական ակնկալիքն է ուղիներ գտնել ԼՂ հակամարտութեան արագ լուծման համար եւ առանց որեւէ նախապայմանի բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ՝ «վերջացնելով մեկուսացումը, բացելով սահմանը, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելով»:
«Հաշուի առնելով հայ-ատրպեճանական յարաբերութիւնները, որ արեւելեան սահմանն էլ առայժմ յայտնի չէ, թէ երբ կը բացուի, բանակցութիւնները գնում են նրան, որ հնարաւորինս շուտ կարողանանք մեր երկու հարեւանների հետ նորմալ յարաբերութիւններ հաստատել», յայտնած է Ղազինեան՝ աւելցնելով, որ ճիշդ չէ այսպէս «խեղդուած, մեկուսացուած մնալը»:
ՆԱԹՕի զօրավարժութիւններուն չմասնակցելու Հայաստանի որոշումը պարզաբանելով՝ փոխնախարարը յայտնած է, որ այդ որոշումը պայմանաւորուած էր Վրաստանի քաղաքական ներքին վիճակով: