ԵՐԵՒԱՆ.- 5 Մայիս, 2009ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող «Մալաթիա» կրթական ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ եւ նոյն ընկերակցութեան տնօրէն Ճորճ Ասատուրեանի նիւթական աջակցութեամբ, «Հայաստան» հիմնադրամը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գործադրած է համակարգիչներու նուիրատուութեան լայնածաւալ ծրագիր, որուն շնորհիւ արդէն 120 համակարգիչ յանձնուած է Երեւանի եւ Արցախի համալսարաններուն, ինչպէս նաեւ շարք մը գիւղապետարաններու, դպրոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու, որոնք պիտի նպաստեն յատկապէս հիմնադրամի «Գիւղերու զարգացման ծրագիր»ին:
Համակարգիչներ ստացած են նաեւ «Փիլատելփիա», «Յոյս կեանք», «Աստղավարդ» հասարակական կազմակերպութիւնները եւ ՄԱԿի Վարակամերժութեան ձեռքբերուած թերացումի ախտանշանի (AIDS) միացեալ ծրագիրին համար՝ Լոռիի ու Շիրակի մարզերուն մէջ ստեղծուած տեղեկատուական կեդրոնները:
Ամերիկահայ բարերար Ճորճ Ասատուրեան այս առիթով լրագրողներուն յայտնած է, թէ ինք պատուաբեր կը գտնէ այն հանգամանքը, որ Երեւանի ու Արցախի պետական համալսարաններուն մէջ բացուող համակարգչային լսարանները պիտի կրեն իր անունը: