ԹԻՒ58
Օպամայի նախագահ ընտրութենէն ետք, բազմաթիւ ամերիկացիներ սկսան անոր օրինակին հետեւիլ, ըլլալու համար իրեն պէս տիպար ամուսին, ըլլալու՝ իրեն պէս աննման հայր, ըլլալու՝ իրեն պէս համեստ քաղաքացի, իրեն պէս կէս իսլամ կէս քրիստոնեայ, պարկեշտ փեսայ, արդարամիտ ծերակուտական, տիպար անհատ, ընկերային, եւ վերջապէս, իրեն պէս անմիջական եւ հաղորդակից, ըլլալու՝ իրեն պէս եւայլն, եւայլն:
Օպամայի նախագահ ընտրուլէն, ետք զոքանչները ի պատուի եղան, վերջապէս ամերիկացին սկսաւ զոքանչներուն յարգը գիտնալ, ամուսնացած ամերիկացիները սկսան սիրել իրենց կիներն ու անոնց ծնունդ տուող մայրերը:
Փեսան սկսաւ փափաք յայտնել որ զոքանչը իր եւ կնոջ հետ նոյն յարկին տակ ապրի:
Իսկ զոքանչները, որ սկսած են 100 տարի առաջ իրենց կորսնցուցած յարգը վերագտնել, հիմա չեն զիջիր ոեւէ փեսայի հետ ապրիլ նոյն յարկին տակ՝ եթէ փեսան… պետական պաշտօնեայ կամ մեծահարուստ չէ:
Երբեմն, չար բախտէն, զոքանչը չորս-հինգ աղջիկներու մայր եղած է, բոլոր աղջիկներն ալ լաւ եւ բարեկեցիկ ամուսիններ գտած են. այդ պարագային, զոքանչը պարտաւոր է գոհացնել փեսաները՝ իւրաքանչիւր աղջկան քով մնալով մէկ երկու ամիս, անշուշտ առանց մեծ ու սպիտակ տան ակնկալութիւններ ունենալու:
Զղջալով կը զղջան այն ափրիկեան ծագում ունեցող ամերիկացիները, որոմք կը նախանձէին ճերմակամորթ ամերիկացիներուն, եւ իրենք զիրենք ճերմկցնելով եւ գանգուր մազերը շիտակցնելով կը զբաղէին: Օպաման նախագահ ընտրուելէն ետք, կը փափաքին դարձեալ ըլլալ սեւամորթ ու գանգրահեր: Ականջը խօսի Մայքլ Ճաքսընին:
Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութիւնը կորսնցուց իր ժողովրդականութիւնը, երբ դեմոկրատ սեւամորթ Օպաման նախագահ ընտրուեցաւ: Դեմոկրատներու հակառակորդ Հանրապետական կուսակցութիւնը, իր վարկը վերաշահելու յոյսով, առաջին անգամ ըլլալով կուսակցութեան նախագահ ընտրեց սեւամորթ մը: Հեռանկարը անշուշտ յաջորդ նախագահական ընտրութիւնն է:
Հանրապետական կուսակցութեան փոխ նախագահական թեկնածու Սառա Փէյլին համակրական բազմաթիւ նամակներ ստացած է պատկերասփիւռ դիտողներէն, որպէսզի անկեղծ եւ համակրելի տիկինը դարձեալ բարեհաճի մասնակցիլ նախագահական գալիք ընտրութիւններուն:
Նամակներուն մէջ մասնաւորաբար շեշտուած եւ գրուած է հետեւեալ նախադասութիւնը:
«Շատ սիրելի ազնուափայլ տիկին Սառա Փէյլին: Ես ձեզ եւ ձեր մասնակցութիւնը շատ սիրեցի նախագահական վերջին ընտրութիւններուն: Մանաւանդ՝ բեմական ձեր հաճելի եւ համարձակ շնորհները: Հաճիս մի զրկէք զիս այդ քաղցր հաճոյքէն, որ ունեցայ նախագահական վերջին ընտրութիւններուն, այսինքն դիտել ձեր բացառիկ ներկայութիւնը պատկերասփիւռի պաստառին վրայ: Դարձեալ նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու ներկայացէք, մասնակցեցէք 2012ի եւ 2016ի ընտրութիւններուն, փոխ նախագահի, կամ ինչո՞ւ չէ նախագահի պաշտօններուն թեկնածու ներկայանալով, ու եթէ շահիք, պիտի գրգռէք նախանձը Հիլըրիին, որ չյաջողեցաւ ըլլալ առաջին կին նախագահը:»
Նամակագիրները, բոլորն ալ, Դեմոկրատ կուսակցութեան անդամներ էին…:
(Ձեր արձագանգները կրնաք ղրկել MA@MassisArt.com ելեկտրոնային հասցէին, «Ասպարէզ»ին կամ ալ հեռաձայնելով 818-469-8810 կամ 323-469-8810 թիւերով)