ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Կը շարունակուկին «Վիւասել» ընկերութեան մեծածաւալ ներդրումները Հայաստանի մէջ միջնակարգ կրթութեան զարգացման ուղղութեամբ:
Արդարեւ, ընկերութեան հասարակական նուիրատուութեան շնորհիւ, վերանորոգուած է Կոտայքի մարզին պատկանող եւ Երեւանէն 10 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող հնավայր Գեղադիր գիւղին միջնակարգ դպրոցը, որ ունի շուրջ 500 աշակերտ. փոխուած է 900 քառ.մ տանիքը, տեղադրուած են 40 եւրոպական պատուհաններ, 18 դռներ, քանդուած, շարուած, ապա գաջուած են 300 քառ.մ մակերեսով պատեր, ծեփամածիկով ծածկուած են 3000 քառ.մ առաստաղ ու պատ, սալիկապատուած են ուսուցչանոցը, առողջապահական հանգոյցները, պազալթով երեսապատուած են մուտքի հարթակը, աստիճանները եւ յենասիւները:
Մայիս 4ին տեղի ունեցաւ վերանորոգուած դպրոցին բացման արարողութիւնը: Ելոյթ ունենալով՝ «Վիւասել» ընկերութեան տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան յայտնեց իր ընկերութեան ներդրումները շարունակելու յանձնառութիւնը. «Մենք որակեալ կրթութիւնը շատ ենք կարեւորում, քանի որ ապագայի Հայաստանը պէտք է լինի զարգացած երկիր», ըսաւ Եիրիկեան: