ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Ուրբաթ, Մայիս 1ին յայտարարեց, թէ փոփոխութեան ենթարկած է իր կառավարութիւնը՝ Մարտ 29ի խորհրդարանական ընտրութեանց լոյսին տակ:
Փոփոխութիւնը ամենայատկանշականն էր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան հասնելէն ի վեր։ Էրտողան նոր նախարարներու ցանկը ներկայացուց Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին, որ վաւերացուց զայն։
Կարեւորագոյն նորութիւններէն մէկն էր Էրտողանի արտաքին քաղաքականութեան աւագ խորհրդական Ահմէտ Տաւութօղլուի արտաքին գործոց նախարար նշանակուիլը։ Ան կը փոխարինէ Ալի Պապաճանը, որ նշանակուեցաւ փոխվարչապետ ու տնտեսական հարցերը վերահսկող պետական նախարար։
Տաւութօղլուի նշանակումը թրքական քաղաքականութեան մէջ հազուադէպ պարագայ մըն է, նկատի ունենալով, որ ան կառավարութեան անդամ նշանակուած է առանց խորհրդարանի անդամ ըլլալու։ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան կարգ մը անդամներ քննադատեցին այս քայլը։
Նախկին ակադեմական Տաւութօղլու Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ անուղղակի բանակցութեանց միջնորդութիւնը կատարած է։ Ան նաեւ միջնորդութիւն կատարած է Իսրայէլի եւ «Համաս»ի միջեւ զինադադար հաստատելու միջազգային ջանքերուն ծիրին մէջ։ Կարգ մը վերլուծաբաններ զինք անուանած են «թուրք Քիսինճըր»։
Էրտողան ըսաւ, թէ՝ «Փրոֆեսէօր Տաւութօղլու առնչակից դարձած է դիւանագիտական աշխուժ գործունէութեան: Կը հաւատամ, որ իր փորձառութիւնը զինք այս պաշտօնին համար արժէքաւոր անձի մը կը վերածէ»։
Տաւութօղլու Շաբաթ օր Ալի Պապաճանէն իր պաշտօնը ստանձնելու արարողութեան ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիա ներկայիս Միջին Արեւելքի, Պալքաններու եւ Կովկասի շրջանին շուրջ արտաքին քաղաքականութեան աւելի ուժեղ տեսլական մը ունի։ «Թուրքիա այդ բոլոր շրջաններուն մէջ կարգ ու կանոն հաստատող երկրի մը դերակատարութիւնը պէտք է ստանձնէ», ըսաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նորանշանակ նախարարը։
«Թուրքիա այլեւս տագնապներու հակազդող երկիր մը չէ, այլ անոնց ծագելէն առաջ կը նշմարէ զանոնք, ազդու կերպով կը միջամտէ անոնց եւ զինք շրջապատող շրջանին մէջ կանոնը կը ձեւաւորէ», ըսաւ ան։ Տաւութօղլու նշեց, որ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւնները կը մնան Թուրքիոյ ուշադրութեան գլխաւոր կէտը։ «Եւրոպական միութիւնն ու ՆԱԹՕն ապահովութեան եւ ազատութեան միջեւ հաւասարակշռութիւն հաստատելու քաղաքականութեան ամէնէն կարեւոր սիւներն են», ըսաւ ան։
Յատկանշական է, որ Տաւութօղլուի առաջին պաշտօնական հիւրը եղաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով, որուն պատասխանատուութեանց ծիրէն ներս կ՛իյնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնն ու ուժանիւթի հարցերը: Տեղի ունեցած խորհրդակցութեանց մասին տեղեկութիւններ չհաղորդուեցան: