ԷՏԸԼԷՅՏ.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հարաւային Աւստրալիոյ խորհրդարանը Հինգշաբթի, Ապրիլ 30ին, միաձայնութեամբ վաւերացուցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը՝ հետեւելով Հարաւային Աւստարլիոյ Ծերակոյտի օրինակին:
Յիշեցնենք, թէ Ծերակոյտը Մարտ 25ին վաւերացուցած էր բանաձեւ մը, ուր Հայկական Ցեղասպանութիւնը կը նկատուէր «մարդկութեան դէմ մեծագոյն ոճիրներէն մէկը»:
Հարաւային Աւստրալիոյ խորհուրդի բանաձեւին մէջ նշուած է, թէ խորհրդարանը՝ պաշտօնապէս միանալով «հայ-աւստրալիացի, յոյն-աւստրալիացի եւ ասորի-աւստրալիացի համայնքներուն՝ կը յարգէ յիշատակը այր մարդոց, կիներուն եւ մանուկներուն, որոնք զոհ գացին արդի առաջին ցեղասպանութեան»։
Բանաձեւը ներկայացուած էր ընդհանուր դատախազ Մայքըլ Էթքինսընի կողմէ եւ կը վայելէր նաեւ ընդդիմադրութեան ղեկավար երեսփոխան Մարթին Համիլթըն-Սմիթի հովանաւորութիւնը։ Ութ այլ երեսփոխաններ խօսք առած են ի նպաստ բանաձեւին։
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Վարանդ Մկրտիչեան որոշումը «պատմական» որակած է եւ Աւստրալիոյ խորհրդարանին կոչ ուղղած է՝ «պաշտօնապէս դատապարտելու Հայկական Ցեղասպանութիւնը»։
Յիշեցնենք, թէ Ծերակոյտին մէջ բանաձեւը առաջադրուած էր Ազատական կուսակցութենէն Տէյվիտ Ռիճուէյի կողմէ, իսկ անոր նեցուկ կանգնած էր իշխող Աշխատաւորական կուսակցութենէն Պեռնարտ Ֆինիկըն:
Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանը եւս դատապարտած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը: