ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Առանց արդարացնելու նախագահ Օպամայի Ապրիլ 24ի յայտարարութենէն ցեղասպանութեան որակման զլացումը, պէտք է շեշտել այն իրողութիւնը, թէ Ամերիկայի նախագահը գէթ այս տարի դժուարին ընտրութեան մը դէմ յանդիման գտնուեցաւ: Մէկ օր առաջ, Ապրիլ 23ին Հրէական Ողջակիզումի յուշահանդէսին, Օպամա իր պատգամին մէջ հետեւեալ հարցադրումը կատարեց.
«Ինչպէ՞ս կրնանք ապահովել, որ «երբեք կրկին անգամ»ը (այսինքն՝ ցեղասպանութեան կրկնումը) դատարկ լօզունգ կամ սոսկ ցանկութիւն չըլլայ, այլ ըլլայ անոր արգիլման գործի կո»չ: Պատասխանը եղաւ՝ «Զայն վկայակոչելով, լռութեան դէմ պայքարելով»:
Զուգորդելով այս արի պատասխանը Թուրքիոյ մէջ երեք շաբաթ առաջ իր ցուցաբերած յանդուգն կեցուածքին, ակնկալութիւնը այն էր, որ յաջորդ օրուան՝ Ապրիլ 24ի իր յայտարարութիւնը ո՛չ միայն Մեծ Եղեռնի վկայակոչումը պիտի կատարէր, այլ նաեւ լռութեան դէմ պայքարելով զայն պիտի որակէր ցեղասպանութիւն:
Հայկական Ցեղասպանութեան օրը մեծ եղաւ Ամերիկահայութեան հիասթափութիւնը, որովհետեւ նախագահ Օպամայի յայտարարութիւնը սխալ պատասխանը տուաւ: Հակառակ իր դիմակալած դժուարութեան, ան ճիշդ ընտրութիւնը չկատարեց, լրումին չհասցուց Թուրքիոյ մէջ իր ցուցաբերած կեցուածքը, հաւատարիմ չմնաց Ողջակիզումի յիշատակման առթիւ իր տուած ճիշդ պատասխանին:
Նախագահական յայտարարութենէն ցեղասպանութեան որակումին զլացումը պէտք է նկատել Օպամայի վարչակազմին պարտադրած աննախընթաց շեղումը:
Նախորդող տարիներուն Ամերիկայի նախագահին համար հեշտ էր այս ընտրութիւնը կատարելը: Ցեղասպանութեան եզրի գործածութիւնը կը դիտուէր Ամերիկեան արժէքներու ու բարոյական ըմբռնումներու դիտանկիւնէն, որոնց դէմ ռազմաքաղաքական պատկերացումը եւ ամերիկեան ընկերութիւններու ռազմատնտեսական սեփական շահերը աւելի ծանր կը կշռէին Սպիտակ Տան եւ յատկապէս Պետական ու Պաշտպանութեան քարտուղարութեանց աւագանիին համար:
Սակայն այս տարի, վերոնշեալ հաշուարկին մէջ ցեղասպանութեան եզրի դիտարկման գծով, որակական փոփոխութիւն կատարուած էր: Հակառակ Օպամայի ընտրութեան յաջորդող շաբաթներուն Թուրքիոյ ռազմական ու աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը չափազանցող ուսումնասիրութիւններու տեղատարափին, Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութեան մշակման մէջ որոշ պաշտօնատարներ աստիճանաբար կÿանդրադառնային Հայաստանի ներկայացուցած աշխարհաքաղաքական արժէքին, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր արուեստականօրէն անտեսումի կÿենթարկուէր:
Արդ, այսօր կարելի է ընդունիլ, թէ Օպամայի վարչակազմին համար ցեղասպանութեան եզրի գործածութիւնը իր ամերիկեան արժէքային ու բարոյական հասկացողութեան առընթեր, կը նկատուի նաեւ քաղաքական գործօն: Թերեւս ոմանք այս զարգացումը խաղաքարտ որակեն, սակայն այդ մէկը ցեղասպանութեան եզրի քաղաքական գործօնի հանգամանքէն բան չի փոխեր, որովհետեւ այդ գործօնը, ըստ տուեալ պայմանի, կարելի է ուղղել դէպի Թուրքիա, դէպի Հայաստան, դէպի տարածաշրջանի այլ դերակատարներ:
Յետ Օպամայի Ապրիլ 24ի յայտարարութեան, Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը՝ առաջնորդութեամբ նախագահ Կիւլի եւ վարչապետ Էրտողանի, ոչ միայն դժգոհ էր յայտարարութեան բովանդակութենէն, այլ կը հաւատար, թէ այս առթիւ Ամերիկան ցեղասպանութեան եզրի գործածութեան հարցը քաղաքական գործօնի վերածեց Թուրքիոյ դէմ: Սակայն, իրենց դժգոհութեան մէջ Թուրքիոյ իշխանաւորները զգոյշ կÿըլլան անդրադառնալու աշխարհաքաղաքական այն արժէքին, զոր Հայաստան կը ներկայացնէ Ամերիկայի, Ռուսիոյ եւ մանաւանդ Թուրքիոյ համար:
Այսուհանդերձ, Օպամայի վարչակազմը չի կրնար անտեսել Ամերիկահայութեան հիասթափութիւնը: Մեր յուսախաբութիւնը այս վարչակազմին զգալի դարձնելու պարտաւորութեան առջեւ կը գտնուինք: Այս նպատակին համար, յաջորդ նախագահական ընտրութեան պիտի չսպասենք: Յառաջիկայ շաբաթներուն անհրաժեշտ միջոցառումներով պէտք է ապացուցենք, թէ ինչպէ՛ս իր ընտրութեան նախօրեակին, այսօր եւս ամերիկահայութիւնը շօշափելի առաւելութիւններ կը տրամադրէ Օպամայի ընտրական վարկին, որ փորձաքարի պիտի զարնուի գալ տարուան քոնկրէսական ու նահանգային ընտրութիւններուն: Եթէ նոյնիսկ այս առաւելութիւններուն մեր կողմէ տրամադրուիլը հաշուի չառնուի, այս վարչակազմը պիտի անդրադառնայ, թէ մեր առաւելութիւններուն զլացման պարագան կրնայ ընտրական ժխտական հետեւանքներ ունենալ: