Խոստովանինք, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, իր թեկնածութիւնը դնելով Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն՝ քաղաքական մթնոլորտը դարձեալ աշխուժացնելու յաւելեալ ազդակ մը ստեղծեց:
Անշուշտ քաղաքական որեւէ ուժի համար Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները չեն կրնար թերագնահատուիլ: Երեւանը երկրին կէսն է բնակչութեամբ եւ անոր ազդեցութիւնը հանրապետական մակարդակի բոլոր գործընթացներուն մէջ անհամեմատելի է մնացեալ բոլոր մարզերուն հետ միասնաբար:
Նախ կ’արժէ պարզապէս մեր ազգային կենցաղային մշակոյթի լոյսին տակ վերլուծել Տէր Պետրոսեանին որոշումը:
Անգամ մը նախագահ եղած հայ մարդը դժուար թէ ընդունի աւելի ցած պաշտօնի համար ընտրական պայքար տանիլ: Տէր Պետրոսեանի նկարագրային գիծը ունեցող անձի մը համար առաւել եւս անհաւանական կարելի է նկատել նման քայլ մը, մանաւանդ, որ այդ արարքով ան իր վրայ պիտի հրաւիրէր իշխանական շրջանականերուն մահացու խայթոցները, որոնք անպայման պիտի ակնարկէին ընտրական յաջորդ պայքարին համար՝ Լեւոնը իբրեւ գիւղապետի պաշտօնի թեկնածու առաջադրել, ինչպէս արդէն ըրած է «Հայոց Աշխարհ» թերթը, իր երէկուան թիւով:
Նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի վարչապետ դառնալու մտադրութիւնը մշակութային նոյն այս հասկացողութեան հիման վրայ հասկնալի էր պարզ այն պատճառով, որ Հայաստանի փոխուած սահմանադրութեամբ, վարչապետը եթէ ըլլար ուժեղ անհատականութեան տէր անձ, ապա կրնար երկրի նախագահէն աւելի ազդեցիկ քաղաքական գործիչ դառնալ: Նկատի ունենալով նախագահ Սերժ Սարգսեանի անհատականութիւնը՝ նախագահ Քոչարեան դժուար թէ կարենար այդ դիրքը ապահովել, ինչպէս նաեւ կարելի չէ պատկերացնել, թէ Տիգրան Սարգսեանի նման պաշտօնեայ մը կրնայ յաւակնիլ մրցիլ նախագահ Սարգսեանի ազդեցութեան հետ:
Յամենայնդէպս, Լեւոնի պարագային, կարելի է ենթադրել, ինչ որ կարծէք արդէն յուշած է «Առաւօտ» թերթը, թէ՝ Տէր Պետրոսեան ընդունած է գլխաւորել Երեւանի աւագանիի ընդդիմութեան ընտրացուցակը իբրեւ մարտավարական քայլ, որուն պիտի յաջորդեն նախածրագրուած այլ քայլեր: Այսինքն, նկատի առնելով, որ ընդդիմութեան շարքերուն մէջ չկան իր ունեցած ճանաչումին ու հեղինակութեան հետ մրցող թեկնածուներ, նաեւ նկատի ունենալով Երեւնաի քաղաքապետի պաշտօնը՝ իբրեւ հզօր խարիսխ, ուրկէ կարելի է յաղթական մեկնարկ կատարել դէպի յաջորդ նախագահական ընտրութիւն, Տէր Պետրոսեան կը ներկայացնէ իր թեկնածութիւնը այդ պաշտօնին համար: Ընտրուելու պարագային, Տէր Պետրոսեան կրնայ հրաժարիլ՝ իր դիրքը զիջելով ցուցակի յաջորդ թեկնածուին, որ այս պարագային Ստեփան Դեմիրճեանն է:
Իշխող կուսակցութիւնը արդէն իր թեկնածուն ներկայացուցած է յանձինս Գագիկ Բեգլարեանի, որուն ժողովրդականութիւնը չի թուիր յուսալի ըլլալ:
Երէկ յայտնի դարձաւ, որ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը որոշած է միացեալ ցուցակով չներկայանալ ընտրութիւններուն: Հասկնալի կամ անհասկնալի ոչ-նրբանկատ մօտեցումով, Տէր Պետրոսեանի Հայ ազգային քոնկրէսը վիրաւորեց «Ժառանգութիւն»ի ինքնասիրութիւնը եւ առանց անոր հետ խորհրդակցելու, արդէն իսկ իր ցուցակը պատրաստեց ու կատարուած իրողութեան առջեւ դրաւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանն ու իր ընկերները:
Ժողովուրդին իսկական այլընտրանք ներկայացնելու մարտահրաւէրը դարձեալ իր գլուխը կը ցցէ…